
Գանատայի մէջ մահացաւ գանատահայ յայտնի դերասանուհի Մարիվոն Քենտերճի, որ 96 տարեկան էր։
Արդէն քանի մը տարիէ ի վեր ան ինքզինք կը ներկայացնէր որպէս «մեծմայր», իսկ աւելի պաշտօնական կը ներկայանար մականունով՝ Քենտերճեան-ով։
Հայազգի արուեստագիտուհին եղած է գրող, դաշնակահար եւ հաղորդավարուհի, ինչպէս նաեւ՝ երաժշտութեան եւ գրականութեան ոլորտներէն ներս բազում մրցանակներու դափնեկիր։
Մարիվոն Քենտերճի ծնած է 1915ին, Թուրքիա։ Ան երաժշտական կրթութիւն ստացած էր Փարիզի, իսկ արուեստներու պատմութիւն՝ Սորպոնի համալսարանին մէջ։ Քենտերճի Գանատա փոխադրուած է 1952ին։
«Ռատիօ-Գանատա»ի մէջ ան վարած է աւելի քան 200 յայտագիրներ՝ եւրոպական յառաջատար փառատօներէն։ Զինք կ՛անուանէին «Փառատօներու Աստուածամայր»։