«Նոյեան Տապան» գործակալութիւնը, իր տեղեկութիւնները քաղելով «Նոր Յառաջ» օրաթերթէն՝ կը հաղորդէ թէ 2011-2012 ընթացիկ տարուան, ֆրանսահայ ամէնօրեայ դպրոցներու աշակերտութեան թիւը հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէ.
– «Պարսամեան» )Նիս) մանկապարտէզը՝ 37 աշակերտ, նախակրթարանը՝ 37.
– Համազգային )Մարսէյ) մանկապարտէզը՝ 72, նախակրթարանը՝ 110, միջնակարգը՝ 96, լիսէն (երկրորդականը)՝ 58.
– «Մարգարեան-Փափազեան» )Լիոն) մանկապարտէզը՝ 84, նախակրթարանը՝ 126.
– «Թարգմանչաց-Համազգային» )Իսի լէ Մուլինօ) մանկապարտէզը՝ 40, նախակրթարանը՝ 40.
– «Դպրոցասէր» )Լը Ռանսի) մանկապարտէզը՝ 39, նախակրթարանը՝ 84, միջնակարգը՝ 114.
– «Սուրբ Մեսրոպ» )Ալֆորվիլ) մանկապարտէզը՝ 80, նախակրթարանը՝ 120.
– Իսկ «Հրանդ Տինք» )Արնուվիլ) մանկապարտէզը՝ 31, նախակրթարանը՝ 32։
Այս տարի Ֆրանսայի մէջ հայկական ամէնօրեայ դպրոցներ կը յաճախեն ընդամէնը 1200 աշակերտներ։