
ՖՐԵԶՆՕ.- Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան պարբերականին՝ «Journal of the Society for Armenian Studies», նորագոյն թիւը (19րդ տարի, թիւ 2, Դեկտեմբեր 2010) լոյս տեսած է արդէն:
Պարբերաթերթին մէջ յօդուածներ ունին Մարկ Նշանեան, Թաներ Աքչամ, Պարլօ Տէր Մկրտիչեան, Նանօր Գպրանեան ու Կարապետ Մոմճեան:
Այս թիւին մէջ եւս կան շարք մը նոր հրատարակութեանց արժեւորումներ:
Թերթին նոր խմբագիրն էր փրոֆ. Սերճիօ ԼաՓորթան:
Բաժանորդագրուելու կամ պարբերականին նախկին թիւերը ստանալու համար, դիմել Պարլօ փրոֆ. Տէր Մկրտիչեանին, (559) 278-2669 թիւով կամ barlowd@csufresno.edu հասցէով: