ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»ին եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամին, Երեքշաբթի, 4 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»ի մամլոյ 59րդ լսարանը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ «Կոմիտաս վարդապետ. կեանքն ու գործը» սկաւառակը:
Օրուան զեկուցաբերն էր սկաւառակը պատրաստող՝ հայրենի հանրածանօթ մտաւորական եւ գիտնական Գարեգին Չուգասըզեան:
Լսարանին բացման խօսքը արտասանեց դոկտ. Մովսէս Հերկելեան, որ ներկայացուց օրուան զեկուցաբերին հակիրճ կենսագրութիւնը: Ան ըսաւ, որ Գարեգին Չուգասըզեան 1997ին վարած է Հայաստանի Հանրապետութեան տեղեկատուական եւ հրատարակչական նախարարի պաշտօնը: Անոր պաշտօնավարութեան շրջանին, արբանեակի վրայ տեղադրուած է Հայաստանի առաջին պատկերասփիւռի կայանը:
Ապա խօսք առաւ Գարեգին Չուգասըզեան, որ նշեց, թէ այս նախաձեռնութիւնը իրականացած է՝ շնորհիւ «Ազդակ» օրաթերթին եւ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամին: Ան ըսաւ, որ անցեալին արհեստագիտութեան մաս կը կազմէր գիրքը, որ հետագային դարձաւ հայութեան մշակութային հարստութեան հիմնական առանցքը: Զարգացնելով իր մտածողութիւնը՝ ան աւելցուց, որ այսօրուան արհեստագիտական նորարարական միջոցներով իրականացած ծրագիրները, վաղը պիտի հանդիսանան հայութեան մշակութային հարստութեան հիմքը, եւ այս առնչութեամբ, այսօրուընէ պէտք է լաւապէս պատրաստուած ըլլալ:
Զեկուցաբերը նաեւ ըսաւ, որ վեց տարի առաջ, ՄԱԿի «մալթիմիտիա»ի համաշխարհային մրցումին բերած է իր մասնակցութիւնը՝ Արամ Խաչատրեանի եւ Մեծ Եղեռնին նուիրուած սկաւառակներով, որոնցմէ առաջինը հանդիսացած է գլխաւոր մրցանակակիրը, մինչ երկրորդը՝ առաջին տասնեակի մրցանքին մաս կը կազմէր:
Գարեգին Չուգասըզեան նշեց, որ անսպասելի էր Մեծ Եղեռնի սկաւառակին ձեռք բերած արդիւնքը, որուն մասին ՄԱԿի նշեալ մրցանքին դատական կազմին անդամները յայտնեցին, թէ մնայուն կերպով ենթարկուած են թրքական կողմի ճնշումներուն, որպէսզի խտասալիկը չստանայ իր արժանի գնահատականը եւ որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը այդտեղ չներկայացուի:
Ան յայտնեց, թէ այս միջոցը ստացած էր քաղաքական նշանակութիւն, եւ այս քարոզչական խտասալիկը մրցումէն ետք ցուցադրուած է երեսուն երկիրներու մէջ՝ իբրեւ լաւագոյն գործ:
Խօսելով Կոմիտասի նուիրուած խտասալիկին մասին՝ ան ըսաւ, որ խտասալիկը կը կրէ երեք լեզուներ. «մալթիմիտիա» ծրագիրին մէջ տեղադրուած են Կոմիտասի հետ առնչուած գրեթէ ամբողջական տեղեկութիւններ, ստեղծագործութիւններ, յուշեր, լուսանկարներ, տեսաերիզներ, վկայութիւններ, գրութիւններ, արխիւներ, փաստաթուղթեր, յետկոմիտասեան գործունէութիւն եւ այլն:
Յառաջիկայ ծրագիրներուն անդրադառնալով՝ Գարեգին Չուգասըզեան յայտնեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով կը ծրագրուի հաստատել Կոմիտասի տուն-թանգարանը, որովհետեւ ան իր ողջ եղած օրերուն անտուն էր եւ մինչեւ այսօր այդպէս կը մնայ:
Ան հաստատեց, որ այդ թանգարանը հիմնական արժէք կը ներկայացնէ եւ հայութեան համար պէտք է հանդիսանայ ուխտավայր մը, որովհետեւ Կոմիտասը մեր երաժշտութեան պահպանման հիմնական երաշխիքն է: