ԷæՄԻԱԾԻՆ.- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Երեքշաբթի, 27 Սեպտեմբերին այցելած է Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին եւ հանդիպած Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պետութիւն-եկեղեցի փոխյարաբերութիւններուն եւ Արցախի հոգեւոր կեանքին վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նախագահը Հայ առաքելական Ս. եկեղեցին համարած է հայոց անկախ պետականութեան եւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման կարեւոր հիմքերէն մէկը:
Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, իր կարգին, նախագահ Սահակեանին ծանօթացուցած է նաեւ Մայր աթոռին մէջ իրականացուող լայնածաւալ շինարարական աշխատանքներուն, որոնք ըստ ամենայնի պիտի նպաստեն եկեղեցւոյ գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ մատաղ սերունդի դաստիարակութեան:
Նոյն օրը նախագահ Սահական Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցած է բրիտանահայ բարերար Վաչէ Մանուկեանի հետ եւ քննարկած Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր: