
ՓԱՐԻԶ.- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Սեպտեմբեր 27ին պաշտօնական այցով մեկնած է Ֆրանսայի Հանրապետութիւն, եւ յաջորդ օրը՝ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28ին, Փարիզի «Էլիզէ» պալատին մէջ հանդիպած է իր ֆրանսացի գործընկեր Նիքոլա Սարքոզիի հետ։
Բարձրաստիճան հիւրի ընդունելութեան պաշտօնական մասէն ետք, երկու երկիրներու ղեկավարները ունեցած են առանձին հանդիպում մը, որմէ ետք, ի պատիւ Հայաստանի նախագահին՝ մատուցուած է պաշտօնական ընթրիք։
Նշենք, որ Նիքոլա Սարքոզի պետական այցով Հայաստան պիտի այցելէ Հոկտեմբեր 5ին:
Նախագահ Սարգսեան Երեքշաբթի օր հանդիպած էր նաեւ Ֆրանսայի վարչապետին հետ: Ան Փարիզ ժամանելէ անմիջապէս ետք աշխատանքային ընթրիք ունեցած էր Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւորներուն հետ:
Ֆրանսացի խորհրդարանականներուն ուղղած իր խօսքին մէջ, Սերժ Սարգսեան ընդգծելով, որ Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ կարեւոր տեղ կը գրաւէ՝ գոհունակութեամբ նշած է, թէ հայ-ֆրանսական համագործակցութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ կ՛ամրապնդուի եւ կը խորանայ: Ան վստահութիւն յայտնած է, որ իր այս պաշտօնական այցը, ապա նաեւ նախագահ Սարքոզիի Հայաստան կատարելիք պետական այցելութիւնը, հնարաւորութիւն պիտի ստեղծեն նոր մակարդակ նուաճելու Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման ճանապարհին:
Սերժ Սարգսեան, Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւորներուն հետ հանդիպման պատեհ առիթը օգտագործելով՝ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց, Ֆրանսայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ իրենց ունեցած մեծ ներդրումին համար:
Սեպտեմբեր 28ին, նախագահ Սերժ Սարգսեան Փարիզի մէջ հանդիպած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահ Պեռնար Աքուայէի հետ: Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են նաեւ Ղարաբաղի խնդիրի կարգաւորման:
Աքուայէ նշած է, թէ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջխորհրդարանական կապերը բացառիկ են. անկախ անկէ, թէ ո՞ր կուսակցութեան կը պատկանին պատգամաւորները, անոնք բարեկամներ ունին Հայաստանի մէջ:
Սերժ Սարգսեան, իր կարգին, ողջունած է այն փաստը, որ Ղարաբաղ կ՛այցելեն ֆրանսացի պատգամաւորներ: Նախագահը կարեւոր համարած է այն հանգամանքը, որ Ֆրանսան, իբրեւ Ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման միջնորդ, կ՛առաջնորդուի տեղւոյն վրայ ստացած տպաւորութիւններով, ինչ որ նաեւ Ֆրանսայի նկատմամբ վստահութիւն կը ներշնչէ ղարաբաղցիներուն մօտ: