«Ոչ Անաչառ Կամ Սարքուած» Ընտրութիւննե՞ր, Թէ Ընտրելին Ու Ընտրեալը
ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ

Անցեալ Ապրիլէն Յուլիս, տեղի ունեցան մեզի հետ աղերս ունեցող երեք ընտրութիւն ու մէկ հանրաքուէ՝ կաթողիկոսական զոյգ ընտրութիւնները եւ միւս երկուքը՝ սահմանադրութեան հանրաքուէն եւ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները։ Այս չորսէն միայն մէկուն մասին հաւանաբար շատ բան չգրուի եւ պատմութիւնը չհետաքրքրուի ընտրութեան մանրամասնութիւններով կամ արդարացիութեամբ, հակառակ այն շատ ստոյգ կարելիութեան, թէ ընտրուող անհատը ունենայ աննախընթաց ազդեցութիւն ապագայ դէպքերուն վրայ։ Այդպէս չէր ծրագրուած բայց բարեբախտաբար ոչ բոլոր պատմական խոշոր դէպքերը ամպայմանօրէն ծրագրուած կ՛ըլլան։ Ակնարկութիւնը կ՛երթայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նորընտիր կաթողիկոսին՝ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. հայրապետին։ Սխալ չհասկցուելու համար հարկ է նշել, թէ հարցը այն չէ թէ այդ ընտրութեան առարկողներ, ընտրութիւնը նսեմացողներ պիտի չըլլան, անոնք կան եւ անոնք մեր դասականները չեն։ Կու գան շարքերէն անոնց, որոնք ենթադրաբար պիտի ըլլային զօրակիցները նորընտիր Հայրապետին։ Իսկ «դասական» ընդդիմադիրներէն շատեր դրական ակնկալութիւններով կը սպասեն նոր Կաթողիկոսի գործունէութեան արդիւնքներուն։ Վերջապէս մեր կեանքը կարծէք սկսած է վերագտնելու իր բնական հունը։
Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն առթիւ պէտք է զուարթախոհ քմծիծաղով դիմաւորել միջազգային դէտերու եզրափակիչ գնահատումը, թէ անոնք «ազատ էին բայց ոչ անաչառ»։ Պրն. Տէր Պետրոսեանը հաճելիօրէն զարմացած պէտք էր ըլլար այդ արժեւորումէն ու իր զարմանքէն ետք վստահաբար նորէն երգեց, ճիշդ այնպէս, ինչպէս երգած էր երբ վերջնական համաձայնութեան եկեր էին՝ թէ ո՞վ պիտի յաջորդէր երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. հայրապետին։ Բախտաւոր է, որովհետեւ ընտրութիւնները նախորդող շաբաթներուն արգիլեց ՀՅԴ եւ կարգ մը այլ կուսակցութիւններ ընտրութեանց մասնակցելէ։ Թեկնածուներ խոշտանգուեցան իսկ Կ. Բալայեանը, ընտրուելէ ետք, Վազգէն Սարգսեանը ծապլուարեան հրովարտակով չեղեալ համարեց ընտրութիւնը։ Այս բոլորէն ետք դեռ «ազատ» ընտրութի՞ւն։ Հապա սահմանադրութի՞ւնը։ Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ որ ժողովուրդը մերժէ նման օրինագիծ եւ հռչակուի օրինական կառավարութեան կողմէ։ Միակ մխիթարականը այն է, որ այդ սահմանադրութիւնը կը դիմանայ այնքան, որքան զայն խմբագրողները։ Անոնց տուն ճամբուելէ ետք իրապէս ազատ ու անաչառ ընտրութիւններէ յետոյ, կը նետուի մեր «պատմութեան աղբամանը»։ Կայ անշուշտ երրորդ ընտրութիւնը, որ տակաւին կանոնականօրէն վերջ չէ գտած եւ որ սկիզբէն իսկ ընտրութիւն չէր, այլ՝ նշանակում Ամենայն հայոց հայրապետին։ Հոս ոչ մէկ փորձ կայ հարցականի տակ դնելու արժանաւորութիւնը անհատին։ Այն պահուն, երբ պրն. Տէր Պետրոսեանը կը յայտարարէր, թէ ինք յարմար կը նկատէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալը որպէս Ամենայն հայոց կաթողիկոս, ընտրութիւնը կը դադրէր ընտրութիւն ըլլալէ, վերածուելով պարզ նշանակումի, կարծէք ոեւէ պատահական նախարար կը նշանակուէր։ Ու երբ, ընտրութեան սկիզբը, Երկուշաբթի, մատը թափահարելով ընտրութեան մասնակցող սրբազաններէն մէկուն երեսին՝ պրն. Տէր Պետրոսեանը կը սպառնար.
– Գիտէ՛ք թէ ի՜նչ է մեր որոշումը։ Չենք ուզեր ոեւէ շեղում կամ անակնկալ մեր որոշումին հակառակ, աւելորդ

կը դարձնէր ընտրութեան կրկներեւոյթն անգամ։ Թէ պրն. Տէր Պետրոսեանը կը համարձակէր նման անպատկառութեան՝ զարմանալի չէր։ Մարդը կը տառապի պօնաբարթիզմէ։ Թէ եկեղեցականները չհամարձակեցան յիշեցնելու անոր, թէ պէտք է հետեւէր իր ու իր գործակիցներու բանաձեւած յայտարարութեան, թէ Հայաստանի մէջ պետութիւնն ու եկեղեցին բաժնուած ու իրարմէ անկախ հաստատութիւններ են՝ այդ էր յուսախաբողը։ Մեր եկեղեցականութիւնը զոհը եղաւ օրինականութիւնները յարգելու իր գիտակցութեան հակառակ, որ իր արժանապատուութիւնը կը թէականացուէր։ Ու զարմանալի չէ բնաւ, ընտրութիւններէն ետք կարգ մը եպիսկոպոսներու լկտի հաստատումը, թէ՝
– Մեզի համար Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Լեւոն Տէր Պետրոսեանն է։
Այսպիսին էր կացութիւնը եւ աւելին։ Ո՞վ էր թելադրեր Գարեգին արք. Ներսիսեանին իրեն տրուած ձայները փոխանցել տարբեր թեկնածուի մը, երբ ինք կ՛ենթադրուէր թեկնածու ըլլալ եւ ոչ թէ ընտրութիւնը թէականացնող միջնորդ։ Ինչո՞ւ տեղի չունենար վերջին քուէարկութիւնը թէկուզ ձեւական, որպէսզի կաթողիկոսը ընտրուած ըլլար եւ ոչ թէ նշանակուած։ Պրն. Տէր Պետրոսեանը շատ լաւ գիտէր թէ Ամենայն հայոց հայրապետութեան հեղինականութիւնն ու պատկառանքը կը գերազանցեն ՀՀ նախագահինը եւ այդ քայլով առժամաբար կը յաջողէր չէզոքացնել այդ հեղինականութիւնը։
Կու գանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի ընտրութեան։ Այս ափերէն, ոմանք մեկնեցան Պէյրութ, որպէս պատգամաւոր տարբեր արդիւնքի ակնկալութեամբ։ Երբ վերադարձան, միակ բանը, զոր կրցան ըսել այն էր, տարօրինակօրէն յիմար ժպիտով, թէ ընտրութիւնը «rigged», այսինքն՝ խարդախուած կամ «կարգադրուած» էր։ Նման բծախնդիր դիտողութիւն մ՛ընող դիւրազգած ու զգայուն ազգայիններէն ոմանք ներկայ էին նաեւ Էջմիածնայ մէջ կայացած ընտրութեան, ուր հարկ էր տեսած պրն. Տէր Պետրոսեանի ներքին գործերու նախարարը՝ Սիրադեղեան, իր «տղաներից» ջոկատ մը ղրկել, որպէսզի «անակնկալ»ը տեղի չունենար, եւ ընտրութենէն վերջ ճաշկերոյթի մը ընթացքին նոյն Սիրադեղեանը յոխորտացած էր.
– Հայաստանում Դաշնակցութեանը տեղ չկայ։ Էստեղ կը լինեն երկու կուսակցութիւն՝ կոմունիստներն ու ՀՀՇն։
Մեր Սփիւռքեան բծախնդիր ու մրափելով ճարակող ազգայինները հանգիստ սրտով շարունակած էին վայելել ոչինչ զարտուղի ու հակաբնական տեսնելով։ Երանի կոյրերուն, վասնզի անոնք պիտի ժառանգեն պրն. Տէր Պետրոսեանի դրախտը։ Եթէ չեն կրնար հաւասարակշռուած ըլլալ իրենց խորշանքին մէջ ու չեն ուզեր նոյն բարեպաշտ կեղծիքն ու պժգանքը ցոյց տալ կատարուած խարդախութեանց հանդէպ, գոնէ անոնք՝ որոնք տարիներով ծուարեցան Կիլիկիոյ հայրապետութեան շուքին տակ՝ ապահովելով իրենց համար որոշ յարգելիութիւն, իրաւ քաղաքացիները կը թուին ըլլալ Օրվէլեան աշխարհի մը, ուր կը նախընտրեն իրենց մէջքերուն ունենալ բռնատէրի մը գարշապարը, որ այնքան հարազատ կը թուի եղած ըլլալ օտարութեան մէջ օտարացած իրենց հոգիներուն։
Ա՛յս է պատկերը։ Ունինք պրն. Տէր Պետրոսեանը եւ ունինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետը՝ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսը։ Անոնցմէ առաջինին տրուած էր ըլլալ հին Արամի վերյառնած կերպարը մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը իրագործող Հայաստանի նոր Հանրապետութեան մէջ։ Չեղաւ։ Փոխարէնը՝ եղաւ Սարգիս Կասեանի ու Աւիս Նուրիջանեանի տխրահռչակ մէկ խառնուրդը։ Երկրորդը կը կրէ ե՛ւ անունը ե՛ւ կու տայ ամէն վստահութիւն, թէ կու գայ միեւնոյն ակունքներէն եւ թէ անաղարտ կը պահէ ու կու տայ յաւելեալ հմայք իրեն տրուած անուան վսեմական պատկառանքին ու հեղինակութեան։ Ամենայն հայոց հայրապետութեան հեղինակութիւնը զիջուեցաւ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նոր հայրապետը կը վերցնէ այդ հեղինակութիւնը՝ վերականգնելով հայ եկեղեցականութեան արժանապատուութիւնը եւ յոյս ու կորով ներշնչելով Հայ ժողովուրդին:
3 Օգոստոս, 1995
Ալպընի