ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «1news.az» կայքը, վկայակոչելով թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ, Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28ին կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Հոկտեմբերին պիտի այցելէ Ատրպէյճան։
Տաւութօղլու Պաքու իր այցելութեան ընթացքին պիտի մասնակցի Ատրպէյճանի անկախութեան 20ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Պաքուի մէջ պիտի քննարկէ թուրք-ատրպեճանական յարաբերութիւններն ու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը։