ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի ռազմական խորհրդականը՝ զօր. Եահիա Ռահիմ Սաֆեւի, յայտարարած է, որ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութեանց մէջ նկատուող լարուածութիւնը պարզապէս «քաղաքական ներկայացում մըն է»։ «Թուրքիա վարագոյրի ետին կը շարունակէ Իսրայէլի հետ իր յարաբերութիւնները», ըսած է Սաֆեւի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.