ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի խորհրդարանի ազգային ապահովութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնախումբի անդամ Մուհամմետ Քովսարի, «Թեհրան Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Անգարան ամբաստանած է «երկակի չափանիշներ» որդեգրելու յանցանքով:
«Թուրքիա ռազմավարական մեծ սխալ կը գործէ։ Հակահրթիռային վահանէն տարրերու Թուրքիոյ մէջ տեղակայումը կը ծառայէ ՆԱԹՕի եւ Միացեալ Նահանգներու շահերուն։ Հակառակ անոր, որ թուրք պաշտօնատարները «Ազատութեան նաւատորմիղ»ին պատճառով կը պահանջէին խստագոյնս դատապարտել Իսրայէլը, հիմա թոյլատրած են Թուրքիոյ տարածքին տեղակայել հակահրթիռային վահանէն տարրեր, որոնց նպատակը Իսրայէլը պաշտպանելն է», ըսած է Քովսարի։