Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան 2012ն հռչակած է Կիրակնօրեայ վարժարանի տարի: Այս առնչութեամբ, թեմիս քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուրդը Շաբաթ, Օգոստոս 13ին կազմակերպեց միօրեայ համագումար մը, որ տեղի ունեցաւ առաջնորդարանին մէջ, սրբազանին նախագահութեամբ եւ Տեպի Տէրտէրեանի ատենապետութեամբ: Համագումարին ընթացքին քննուեցան Կիրակնօրեայի կեանքը յուզող այլազան նիւթեր: Հրաւիրուած էին հոգեւոր հովիւները, տնօրէններ, ուսուցիչներ եւ ծնողներ: Սրբազանը իր օրհնութիւնները բաշխեց, ուղղութիւն տուաւ եւ գնահատեց քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուրդը կատարած ծառայութիւնները: Յարութիւն քհնյ. Թաշճեան սրբազան հօր կողմէ պատասխանատու նշանակուած է այս խորհուրդին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.