
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ «Ապրիլ» գրատան, Կիրակի, Օգոստոս 28ին, մանկական գիրքերու հեղինակ Թալին Տատեանի երեք գիրքերու ծանօթացման ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ, կ.ե. ժամը 4էն սկսեալ: Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
«Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 243-4112 թիւին: