ՈՒԵՍԹՄԻՆԻՍԹԸՐ.- ՀՕՄի Օրենճ Քաունթիի «Սեւան» մասնաճիւղի Յուլիս 23ի ճաշկերոյթի ձեռնարկը, որ

ունէր Հաուայեան կղզիներու թեմա, տեղի ունեցաւ Մեկի Մերճանեանի բնակարանին մէջ:
Հաճելի պահեր անցնելու եւ համադամ ճաշեր ճաշակելու կողքին, ՀՕՄուհիները նաեւ տեղեկութիւններ ստացան ՀՕՄի վերջին շրջանային ժողովին մասին, եւ մասնակցեցան շարք մը զուարճալի եւ մտային մրցումներու: