ԹՈՐՈՆԹՕ, «ՓանԱրմինիըն».- Ըստ բրիտանական «Կարտիըն» (Guardian) օրաթերթին, գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան կ՛աշխատի «Արեւելեան Մեմֆիսի Եռեակը» խորագիրով վաւերագրական ժապաւէնին պատրաստութեամբ: Ֆիլմին արտադրողները որոշած են նկարել երեք դեռահասներու յայտնի պատմութեան նոր տարբերակը:
«Ես կը փափաքիմ ներկայացնել «տրամա»ի ընկալման իմ տարբերակը», նշած է Ատոմ Էկոյեան:
Ֆիլմը կը պատմէ երեք դեռահասներու մասին, որոնք 1993ին մեղադրուեցան երեք՝ 8ամեայ սկաուտ աղջիկներու սպանութեամբ: Ոստիկանութեան պաշտօնական վարկածին համաձայն, երեխաներուն սպանութիւնը տեղի ունեցած է «սաթանիս»չ ծէսի մը ընթացքին: Դեռահասները դատապարտուած են սպանութիւն կատարելու յանցանքով. անոնցմէ մէկը դատապարտուած է ցմահ բանտարկութեան:
«Ֆիլմիս մէջ կ՛օգտագործեմ նաեւ լրագրող Մարա Լեւըրիթի «Սատանայի հանգոյցը» խորագիրով գիրքին նիւթերը: Անիկա դասական պատմութիւն է՝ «վհուկներու որսի» մասին», յայտնած է Էկոյեան: