
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Իսլամական Ռամատանի տօնին առիթով, համաձայն յիշեալ կրօնքի օրէնքներուն, մարդասիրական ծառայութիւն ցուցաբերելու նպատակով Երկուշաբթի, Օգոստոս 22ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Լիբանանի վարչապետին կինը՝ Մէյ Նեժիպ Միքաթի, «Իֆթար»ի ընթրիք սարքեց վարչապետարանի շքեղ ճաշասրահին մէջ. ընթրիքին մասնակից դարձան Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր որբանոցներն ու բարեսիրական հաստատութիւններու պատսպարեալները՝ ամէն համայնքէ:
Հրաւիրեալներու շարքին էին նաեւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց մարդասիրական առաքելութեամբ կը նպաստեն կարօտեալ մանուկներու կենսամակարդակի բարելաւման:
Վերոյիշեալ ընթրիքին մասնակցելու հրաւէր ստացած ըլլալով՝ «Թռչնոց Բոյն»ի աշակերտները ներկայ գտնուեցան, գլխաւորութեամբ հոգեւոր տեսուչ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի եւ տնօրէն Սամուէլ Պոյաճեանի: Ճաշկերոյթի ընթացքին, Մէյ Միքաթի իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր բարեսիրական միութիւններուն եւ յատկապէս՝ որբանոցներու պատասխանատու մարմիններուն, այն կարեւոր առաքելութեան համար, զոր ստանձնած են Լիբանանի ամբողջ տարածքին:
Յայտագիրին մաս կազմեցին նաեւ մանուկները զուարճացնող ծրագիրներ՝ մանկական խաղեր, թատերական ներկայացումներ եւ մանկական երգահանդէս:
Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին, Մէյ Միքաթիին շնորհակալութիւն յայտնեց այն ուշադրութեան համար, զոր ան տածած էր հանդէպ «Թռչնոց Բոյն»ին, անմասն չթողելով հայ մանուկները Լիբանանի բարձրագոյն մակարդակի գուրգուրանքի արտայայտութիւն եղող սոյն հրաւէրէն: