ԼՈՆՏՈՆ, «Թերթ.ամ».- Աշխարհահռչակ հայ փիլիսոփայ, երաժիշտ Գէորգի Գուրջիեւին կ՛անդրադառնան

բրիտանական յայտնի «The Independent» եւ «Financial Times» պարբերականները (աւելի վաղ Գէորգի Գուրջիեւին՝ իբրեւ երաժիշտի, անդրադարձած էր նաեւ բրիտանական «Guardian» պարբերականը):
Երկու պարբերականներն ալ կը խօսին հայ յայտնի երաժիշտ Լեւոն Իսկէնեանի գլխաւորած համոյթին թողարկած խտասալիկին մասին, ուր Գուրջիեւի ստեղծագործութիւնները ներկայացուած են ժողովրդական նուագարաններու մասնակցութեամբ: Իսկէնեանի խտասալիկին մէջ տեղ գտած են ժողովրդական, եւ հոգեւոր այնպիսի երգեր, որոնք իրենց արմատները ունին Հայաստանի եւ հարեւան երկիրներու մէջ:
Գուրջիեւ (1866-1949) ծնած է Հայաստան, եւ ապրած ԱՄՆ: Գուրջիեւ շատ ճամբորդած է Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներ: Այդ ճամբորդութիւններուն ժամանակ շատ ոգեշնչուած եւ ազդուած է տարբեր երկիրներու ազգային երաժշտութիւններէն:
Ան 300է աւելի դաշնամուրային ստեղծագործութիւններու եւ 200է աւելի հոգեւոր պարերու հեղինակ է, որ ունի տարբեր ազգերու ազգագրական արուեստներուն նուիրուած ստեղծագործութիւններ: