ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Նուվել տ՛Արմէնի», «Նիուզ.ամ».- Հայագէտ Աբրահամ Տէրեան, ուսումնասիրած է 335 թուականի նամակ մը, որ կը վկայէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Երուսաղէմի կապերուն մասին:
Նամակը գրուած է Երուսաղէմի եպիսկոպոս Մակարին կողմէ, որ Ս. հողին վրայ, կայսր Կոնսդանդինի հրամանով, կ՛իրականացնէր Յարութեան տաճարի շինարարութեան վերահսկողութիւնը: Նամակը կը պարունակէ պատասխաններ այդ օրերուն ստեղծուած հայկական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու՝ մկրտութեան եւ հաղորդութեան հարցերուն շուրջ:
Նամակը գրուած է յունարէնով, սակայն անոր հայերէն թարգմանութիւնն է, որ յայտնաբերուած է: Տէրեան վերոյիշեալ նամակին կապակցութեամբ երկար տարիներու ուսումնասիրութիւններէ եւ պրպտումներէ ետք գրած է գիտական աշխատութիւն մը՝ «Երուսաղէմի Մակարը՝ Նամակ Հայերուն» խորագիրով, որ լոյս տեսած է 2008ին, Նիու Եորք:
Եպիսկոպոս Մակարի նամակին վերաբերեալ հետազօտութեան համար, Աբրահամ Տէրեան արժանացած է Հայաստանի Գիտութեանց ազգային ակադեմիոյ, «Ֆուլպրայ»չ հիմնարկի, Council for International Exchange of Scholars-ի եւ Ամերիկա-իսրայէլեան կրթական հիմնարկի մրցանակներուն: