ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Հետաքրքրութիւնը երկու մակարդակներու վրայ կարելի է կիրարկել. թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական: Անհատներ կրնան անհատական հետաքրքրութիւններ կամ նախասիրութիւններ ունենալ, իսկ հաւաքականութիւններ՝ ցեղեր, ազգեր կամ ժողովուրդներ՝ հաւաքական հետաքրքրութիւններ: Անհատականը շատ դիւրին է բացատրել, որովհետեւ իւրաքանչիւր անձ իր իսկ հետաքրքրութիւնները քննելով, կ՛իմանայ թէ ի՛նչ կը նշանակէ այդ: Իւրաքանչիւր անձ ունի զինք հետաքրքրող նիւթեր, երեւոյթներ, պահեր կամ անձեր, որոնցմէ հաճոյք կ՛առնէ: Ոմանք մատնանշելով մէկը իրենց շրջապատէն՝ կ՛ըսեն, թէ «նոյնիսկ մինչեւ լոյս զրուցեմ իրեն հետ, չեմ ձանձրանար»: Նոյնպէս, ուրիշներ ակնարկելով հեռատեսիլի ծրագիրներէն մէկուն, կամ ֆիլմարուեստի աշխարհէն ներս որոշ տեսակի շարժապատկերներու՝ կ՛ըսեն. «Բնա՛ւ պիտի չուզէի այս ֆիլմաշարը իր աւարտին հասնէր», կամ՝ «Ինչքա՛ն դիտեմ պատմական անցքեր ներկայացնող ֆիլմեր, բնա՛ւ չեմ յագենար»:
Հաւաքական հետաքրքրութիւնները, տուեալ հաւաքականութեան տոհմային նկարագրին արտայայտութիւններն են առհասարակ: Այսպէս, հին հռոմէացիներու եւ հելլեններու պարագային, հաւաքական հետաքրքրութիւն էր պատերազմական կեանքը, բանակային նուաճումները եւ անոր առնչուող այլ երեւոյթներ: Եղած են ցեղախումբեր, քոչուոր, որոնց հաւաքական հետաքրքրութիւնը եղած է խաշնարածութիւնը, որու, պատճառով թափառաշրջիկ կեանք ապրած են ցեղովին: Ուրիշներու պարագային՝ նստակեաց խաղաղ կեանքով ապրելու հաւաքական հետաքրքրութիւնը եղած է տիրապետողը, որով կրցած են շինարարութեամբ զբաղիլ ու արուեստները զարգացնել:
Վերոյիշեալ անհատական թէ հաւաքական հետաքրքրութիւնները վերջ չեն գտած անշուշտ մարդկութեան կեանքին մէջ: Կրնայ ըլլալ որ իրենց ձեւին մէջ կամ նիւթով կը տարբերին անոնք ներկայ մարդոց ունեցած անհատական թէ հաւաքական հետաքրքրութիւններէն, սակայն երեւոյթը կը մնայ տիրապետող:
Հետաքրքրական երեւոյթ է, որ մարդիկ իրենց ունեցած անհատական հետաքրքրութիւնները այնքան կը նախադասեն ուրիշներու ունեցած հետաքրքրութիւններէն, որ յաճախ բախումներու դուռ կը բանան: Ոչ ոք, ո՛չ ոք կրցած է աւարտել այս աշխարհի վրայ ունեցած իր գործերը:
Բարեկամներէս մէկուն ըսի, որ իր գործին վերադառնայ, երբ օդակայան հասցնելով զիս, կը փափաքէր սպասել մինչեւ թռիչք առնելս: Իր պատասխանը ժողովրդային առածով տուաւ ըսելով. «Գերեզմանը լեցուն է, իրենց գործը չվերջացուցած մարդոցմով»: Եւ ճշմարտութիւն էր ըսածը: Իր մահուան անկողնին մէջ, աշխատունակ մէկը հեւալով կը թուէր իր թերաւարտ գործերը, մտահոգուելով անոնց անկատար մնալուն մասին: «Աշխարհին գործը, աշխարհին մէջ պիտի մնայ», կ՛ըսէ իմաստունը, մարդուն անկատարութիւնը եւ կեանքին կարճութիւնը յիշեցնելով: «Թռչնոց Բոյն» որբանոցին մէկ անկիւնը, ծովափին մօտիկ, արմաւենիներու շուքին տակ կը հանգչին հայ որբուկներու աճիւններ, որոնք չտոկալով հիւանդութեանց, ցրտահար ծաղիկներու նման թառամելով ինկած են իրենց թուփէն: Զիրենք արցունքոտ աչքերով թաղող դանիացի նուիրեալ միսիոնարուհին՝ Մարիա Ճէյքպսըն, հայերէն լեզուով արձանագրութիւն թողած է գերեզմանատան պատին վրայ, որուն տողերէն մէկը կ՛ըսէ. «Յիշէ՛ կեանքին կարճութիւնը»:
Անկատար մարդուն մեծամտութիւնը յաճախ պատճառ կը դառնայ այն յաւակնոտութեան, որով կը յանդգնի յայտարարել, թէ մեծ իրագործումներ կատարած է իր կեանքի ընթացքին: Բնական է որ իւրաքանչիւր անձ ունենայ փառասիրութեան զգացում, սակայն ամէն ինչ աւարտած ըլլալու, եւ կատարելութեան հասած ըլլալու գոհունակութիւնը միայն տգէտներուն յատուկ զգացում է: Մարդը անկատար էակ է, եւ չի՛ կրնար իր Արարիչին կատարելութեան հաւասարիլ այս կեանքի մէջ: Մնայուն կերպով մարդը պէտք է ձգտի կատարելութեան: Ա՛յս է իր կոչումը եւ առաքելութիւնը: Իսկ այդ ճամբուն վրայ եթէ իրագործումներ կատարած է, պարզապէս համեստութիւնը պէտք է ունենայ յայտարարելու, թէ ինչքան կարողութիւն որ տուած էր իրեն Աստուած, զայն ի գործ դրաւ եւ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ իրագործեց այն ինչ, որ կրցաւ:
Յիմարանոցի նոր բժիշկին ուշադրութիւնը գրաւեց բակին մէջ շրջող մտային հիւանդներուն կողմէ կրկնուող արարքներէն մէկը: Բակին մէջ, գետինը բացուած ծակ կար, եւ այնտեղ շրջագայող հիւանդները հերթաբար կը մօտենային այդ ծակին, եւ ծռելով կը նայէին անոր մէջ, ու կ՛անցնէին կ՛երթային: Աւելի քան երկու տասնեակ խենթեր երբ նոյնը ըրին, հոգեբոյժին հետաքրքրութիւնը շարժեցաւ, եւ բակ իջնելով ինք ալ մօտեցաւ ծակին, ու ծռելով մէջը նայեցաւ: Տեսաւ որ սովորական ծակ է, եւ բան չկայ անոր մէջ: Հեռուն կեցած խենթերը ամէնքը միասնաբար սկսան ծիծաղիլ հոգեբոյժին վրայ, իսկ անոնցմէ մէկը բարձրաձայն ըսաւ.
– Մենք տասնհինգ տարիներէ ի վեր ամէն օր կը նայինք այդ ծակին մէջ եւ բան չենք տեսներ: Իսկ դուն մէկ անգամ նայելով կարծեցիր թէ բա՞ն պիտի տեսնես անոր մէջ:
Աշխարհը ամբողջ այսպիսի իմաստուններով եւ յիմարներով լեցուն է: Իսկ աշխարհի մէջ բան գտնելու մոլուցքէն տարուած մարդիկ, միշտ ձեռնունայն պիտի ելլեն այս կեանքէն, այս աշխարհին հարստութիւնը այստեղ թողելով:
Հաւաքական հետաքրքրութիւնները եթէ տուեալ ազգի յառաջդիմութեան ու ընդհանրապէս քաղաքակրթութեան զարգացման կը նպաստեն, անհատական հետաքրքրութիւններն ալ տուեալ անձին զարգացման մակարդակը կը նշեն, ու անոր տեղը՝ մարդկային ընկերութեան մէջ: Գիտնականն ու հօտաղը նոյն հետաքրքրութիւնները չեն ունենար բնականաբար, ուրեմն նաեւ զարգացման նոյն մակարդակը չեն ունենար:
Ծակը դիտող խելացիներ եւ «խելացիներ» կան այս կեանքի մէջ: Ո՞ր մէկ խումբին ալ պատկանինք, դարձեալ շատ բան պիտի չկարենանք տեսնել անոր մէջ: Հետաքրքրական է, որ այդ ծակը շատ խորունկ չէ, ինչպէս կը ներկայացուէր պատմուածքին մէջ: Սակայն եւ այնպէս երկու խումբերուն պատկանող խելացիներ բան չտեսան անոր մէջ:
Աշխարհի վրայ մարդուն կեանքը, նայիլ ու անցնիլ է «խելացիներ»ուն համար: Իսկ իսկական խելացիներ, նայելէն ետք անպայման իրենց աշխատանքով հետք կը թողուն այնտեղ: Աշխատանքն է այն կնիքը, որ դրոշմ պիտի թողու աշխարհի վրայ: Սակայն պէտք չէ՛ յաւակնիլ ըսելու, թէ «աշխատանքս աւարտեցի այս աշխարհի մէջ»: Ո՛չ: Աշխատանքը միշտ թերաւարտ պիտի մնայ: Իսկ եթէ ուզենք անպայման ամբողջացած տեսնել զանիկա, պէտք է ըսենք, թէ մեր յաջորդները պիտի շարունակեն մեր գործը: Ահա հոս է իսկական խելացիներուն իմաստութիւնը: Անոնք «խելացիներ»ուն պէս կը մօտենան ծակին, կը նային անոր մէջ, սակայն գիտեն, որ իրենցմէ ետք ուրիշներ ալ պիտի գան, պիտի նային ու անցնին:
Ծակը դիտող «խելացիներ»ուն իմաստութիւնը ժամանակին յաւերժութիւնը կը խորհրդանշէ: Ժամանակն է անմահ, որ անսկիզբ ու անվախճան Աստուծոյ մէջ միայն կը գտնէ իր վախճանը: