
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- ՀՀ Ազգային ժողովի «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Անահիտ Բախշեան, ջութակահար Հրաչեայ Աւանէսեանի հարցով դիմած է վարչապետին:
Արդարեւ, Գերմանիոյ Քէոլն քաղաքին մէջ մասնագիտական կրթութիւն ստացող եւ Պելճիքայի թագուհի Ելիզապէթի անուան ակադեմիոյ մէջ ուսանող, ջութակահար Հրաչեայ Աւանէսեան չի կրնար մասնակցիլ Յունիս 13ին Ռուսիոյ մէջ կայանալիք Չայքովսքիի անուան միջազգային հեղինակաւոր մրցոյթին, որովհետեւ պարզուած է, թէ ան Հայաստանի կառավարութեան կողմէ հետախուզման մէջ կը գտնուի՝ զինուորական ծառայութենէն խուսափելուն համար:
«Վստահ եմ, որ ձեր արագ եւ ճկուն որոշումների կայացման արդիւնքում, մեր տաղանդաւոր հայրենակցին պատիւ կը տրուի Յունիսի 13ին Ռուսաստանում կայանալիք Չայքովսքու անուան հեղինակաւոր մրցոյթում ներկայացնելու Հայաստանը», ըսուած է պատգամաւոր Բախշեանի նամակին մէջ:
Նշենք, որ Պելճիքայի «Ելիզապէ»չ ակադեմիոյ մէջ Հրաչեայ Աւանէսեանին վստահուած է Անթոնիօ Սթրատիվարիուսի պատրաստած «Piatti» ջութակը: