ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- ՀՀ կառավարութեան Յունիս 10ի նիստին որոշուեցաւ համաձայնութիւն տալ «Հայաստանի հանրապետութեան կառավարութեան եւ Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան» առաջարկին:
ՀՀ տնտեսութեան նախարար Տիգրան Դաւթեանի համոզումով, այս առաջարկը պիտի նպաստէ Չինաստանէն դէպի Հայաստան զբօսաշրջութեան հոսքի ապահովման եւ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման: