
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Պըրպենքի քաղաքապետ Կերի Պրիք 500 տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարած է ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղին:
Ըստ քաղաքի օրէնքներուն, քաղաքապետական ընտրութեանց համար հաւաքուած ընտրական գումարներէն մնացածը պէտք է կա՛մ նուիրատուներուն վերադարձուի, կա՛մ քաղաքի գանձարանին յանձնուի եւ կամ պէտք է նուէր տրուի բարեսիրական կազմակերպութեան մը:
ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղէն Հուրի Դաւիթեան ստանձնեց նուէրը: Քաղաքապետը բացատրեց, թէ գումարը ՀՕՄին նուիրել որոշած է՝ նկատի ունենալով քաղաքի հայութեան ցուցաբերած աջակցութիւնը իր ընտրապայքարին:
Քաղաքի պատմութեան մէջ միայն երկրորդ անգամն ըլլալով, հայկական մարդասիրական կազմակերպութիւն մը կը ստանայ նման նուիրատուութիւն մը:
Նաեւ, Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդը որոշած է դարձեալ իր աջակցութիւնը տրամադրել ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղի ընկերային սպասարկութեան գրասենեակին, հակառակ այն իրողութեան, որ հատուցումը նախորդ տարուընէ աւելի նուազ պիտի ըլլայ, նկատի ունենալով նման ծրագիրներու համար քաղաքին ստացած դաշնակցային օժանդակութեանց նուազումը: