
ՍԱՆԹԱ ՊԱՐՊԱՐԱ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սանթա Պարպարայի մասնաճիւղի հայ ուսանողական միութիւնը նուիրատուութիւն մը կատարած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին միջոցաւ, որպէսզի հայ ուսանող մը այս տարի կարելիութիւնը ունենայ մասնակցելու Լէօ Սարգիսեանի անուան Հայ Դատի ամառնային վարժողական ծրագիրին, որ տեղի պիտի ունենայ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ:
Հայ ուսանողները նուիրատուութիւն կատարած են՝ փոխադարձելով համալսարանին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման այս տարուան ձեռնարկին դասախօս մը ապահովելու համար՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ջանքերուն: