ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- «Հազար տարուան կարօտ ունի իմ երազը հազարաթեւ, ա՜խ թէկուզ լուռ, դեռ աւերակ, տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ», կ՛երգէ պոլսահահայ երգչուհի Սիպիլ Փեքթորոսօղլուն, գերելով հազարաւոր թուրք ու հայ ունկնդիրներու սրտեր: Սիպիլը ծնած է ու կ՛ապրի Պոլիս: Անոր կատարումով «Նամակ» հայերէն երգի տեսահոլովակը այսօր կը ցուցադրուի թրքական պատկերասփիւռի յառաջատար ալիքներով եւ կը հնչէ Պոլսոյ ձայներիզներու վաճառասրահներուն մէջ:
Երգչուհին հարցազրոյց տուած է «Ermenihaber.am» լրատուական կայքի թղթակիցին՝ պատմելով իր գործունէութեան մասին:
«Երգարուեստի մէջ առաջին քայլերս կատարած եմ Ֆերքէոյի հայկական եկեղեցիին կից Սուրբ Վարդանանց երգչախումբին մէջ: Թուրքիոյ մէջ հայ երգարուեստի բնագաւառը այդ ժամանակ սահմանափակ հնարաւորութիւններ ունէր, այդ պատճառով ալ, երգին հանդէպ ծարաւս յագեցուցի այդ երգչախումբին մէջ, որ մեծ ներդրում ունեցաւ իմ երգարուեստի զարգացման մէջ», կը պատմէ Սիպիլ:
Նշենք, որ նախորդ տարի Նոյեմբերին լոյս տեսած էր անոր անունով «Սիպիլ» ալպոմը, որուն մէջ ներառուած են «Տէր Ողորմեա՛», «Կիլիկիա», «Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ» երգերը: Իսկ ալպոմի առաջին երգը «Նամակ»ն էր:
«Այս ալպոմը երկար տարիներու իմ երազանքն էր: Միշտ փափաքած եմ հայկական երգերէ կազմուած ձայներիզ թողարկել: Ինծի շատ հարազատ մարդոց օգնութեամբ վերջապէս կարողացայ այդ երազանքս իրականացնել», կը նշէ Սիպիլ:
Հարցումին, թէ արդեօք հայկական ծագումին պատճառով Թուրքիոյ մէջ խնդիրներ կ՛ունենա՞յ իր ստեղծագործական կեանքի ընթացքին, Սիպիլ կը պատասխանէ. «Մինչեւ այսօր ոչ մէկ խոչընդոտի հանդիպած եմ: Տեսաերիզի եթերային թողարկումէն ետք բաւական շատ դրական արձագանգներ ստացայ: Յայտնուեցան անհամար մարդիկ, որոնք ըսին, թէ կը լսեն հայկական երաժշտութիւն ու կը սիրեն զայն»:
Խօսելով հայ մեծանուն բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի «Նամակ» ստեղծագործութեան խօսքերուն հիման վրայ գրուած համանուն երգի արձագանգներուն մասին՝ Սիպիլ կը պատմէ, որ նոյնիսկ շատերը կ՛ըսէին, որ թէեւ ոչ մէկ բառ կը հասկնան, բայց երգը լսելով՝ անբացատրելի զգացումներ կ՛ունենան:
«Նոյնիսկ տեսահոլովակիս նկարահանման ընթացքին, նկարահանող ամբողջ խումբը քիթին տակ «Նամակ»ը կը մրմնջէր: Շատ մարդիկ երգերուս բառերուն լատինատառ տարբերակը կը խնդրէին ինձմէ, որպէսզի կարենան ձայնակցիլ ինծի», կը պատմէ երգչուհին:
Տաղանդաւոր այս հայուհին վերջին անգամ Հայաստան գտնուած է 2001ին: Ան ծրագրած է կրկին այցելել հայրենիք ու այս անգամ բեմ բարձրանալ հայաստանեան հանդիսատեսին համար: