
ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Այս տարի կը լրանայ մեր նորանկախ հայրենիքի կայացման 20ամեակը, ուստի ուզեցի ամփոփել Հայաստանի անկախութեան առաջին տարիները, Արցախեան պայքարի առաջին օրերը, 90ականներու սկիզբը։ Այդ օրերուն մասին խօսողները կրնան ծաւալիլ ու խորանալ լայն ու ընդարձակ վերլուծումներով, բայց կայ նաեւ այդ տարիներու իրական առօրեան ու անմիջական շփումները։ Այդ ամփոփումին պատկերը ոմանց համար մռայլ է, ու անոր համար այդ տարիները ծանօթ են որպէս Հայաստանի մութ ու ցուրտ տարիներ։
Ես կը յիշեմ, 2007ին, երբ հրապարակի վրայ էր երկքաղաքացիութեան հարցը, «Ուրբա»չ ակումբի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ժամանակ, հայրենի լրագրողներէն մէկը կը փորձէր զիս նեղի մատնել ու հիմնաւորել թէ ինչու ինք համոզուած է, որ սփիւռքահայը արժանի չէ ՀՀ քաղաքիցութեան, հռետորական հարց կու տար թէ ո՞ւր էինք մենք Հայաստանի մութ ու ցուրտ տարիներուն, հիմա եկած ենք ու կուզենք ՀՀ քաղաքացի դառնալ։ Թէեւ թիրախը ճիշդ չէր ընտրած, եւ պարզուեցաւ որ հռետորական հարցը կուղղէ մէկու մը որ Հայաստան կը գտնուէր 1991-1993, բայց լրագրողին մօտեցումին մէջ կամփոփուէր այդ տարիներուն հայրենի ժողովուրդին կրած ողջ դժուարութիւնները, որոնց շարքին էին պատերազմ, տնտեսական դժուարութիւններ, երկրաշարժի պատճառած աւերակներ, ցոյցեր Ազատութեան հրապարակին մէջ, վառելանիւթի տագնապ, ցուրտ դպրոցներ, համալսարաններ ու բնակարաններ, ճակատներէն եկած նահատակ մարմիններ, եւայլն։
Հակառակ որ կարելի է պնդել, թէ ամբողջ ժողովուրդը չէր, որ իր վրայ կը կրէր այդ դժուարութիւններու ողջ ծանրութիւնը, այնուամենայնիւ իւրաքանչիւրը իր բաժին ծանրութիւնը կրած էր իր ուսերուն։
Եթէ հայրենի հողին վրայ ապրելու քաղցրութիւնը վայելելու ցանկութիւնը քեզի տարած էր Հայաստան, ապա բնական է որ դուն եւս պիտի կրէիր հայրենիքիդ ու հայրենի ժողովուրդիդ ապրած դառնութիւնն ու դժուարութիւնը։ Մեր բնակարանին սենեակներէն միայն մէկն էր օգտագործելի, ուր կը ծառայէր որպէս ճաշասենեակ, ննջարան, խոհանոց եւ նստասենեակ եւ կը ջերմանար Սուրիայէն նուէր ուղարկուած մինուճար վառարանով մը, որովհետեւ այսպէս կոչուած ննջարանին մէջ ջերմաստիճանը նուազ քսան էր։ Հացը կտրօնով էր, իսկ դուն որպէս արտասահմանցի կտրօնի իրաւունք չունէիր, ուստի օգնութեան կը հասնէր 60ականներուն ներգաղթած հարազատդ իր թխած լաւաշ հացով, որ գրաւած էր ննջարանին մէկ անկիւնը։ Իբրեւ գաղափարակից պրօշեանցի ընկերներ Կարօտը, Պետոն, Արմէնը, Վարդգէսը, Հրաչն ու Ապարանցի Անդօն, Բաղրամեանցի Ռոմիկն ու Արարատի Նոր Կեանք գիւղի բնակիչ Վրէժը, Աշտարակցի Վարդանը, Համբարձումը, Թալինցի Մկուչը, Դանիէլը, Սագօն, Ռոլանտն ու Վարդգէսը, Երեւանցի Անիկը (որուն անուանեցի Սօսէ Մայրիկ), Սիսեանցի Աշոտն ու Մասիսը եւ շատ ուրիշներ քեզի հետ կը կիսէին իրենց բաժին ինկած շաքարը, ձէթը, բրինձն ու պանիրը։
Այս բոլոր դժուարութիւններուն վրայ կու գար աւելնալու նոր ծանօթացած, հարազատ դարձած լաւագոյն տղաներուն կորուստը, հերոսներու՝ որոնց ամէն գնով կը փորձէիր պահել ու պահպանել, բայց հայրենիքի կանչը զիրենք կը քաշէր թշնամիին կողմէ սանձազերծուած պատերազմի դաշտ։ Դժուար էր նայիլ Կարօտի աչքերուն մէջ, որ քանի մը օրուան համար եկած էր Շահումեանէն ու կը պատմէր գաղտնաբար Գետաշէն կատարած իր այցելութեան մասին: Անտանելի ծանր էր Գետաշէնի մարտերու օրերուն պատասխանել Թաթուլի եղբօր կողմէ քեզի ուղղուած հարցումներուն, երբ միայն քանի մը օր ետք գերեզմանին առջեւ պիտի արտասանէիր անոր դամբանականը։ Ինչպէ՞ս կարելի էր մխիթարել Աթաբէկի ու Արշաւիրի ընտանիքները երբ քանի մը ամիս առաջ միասին կը վայելէիր հայրենի Սեւանը, իսկ այսօր՝ անոնք չկան։ Ի՞նչ պիտի ըսէիր օդակայանին մէջ դիմաւորած Վիգէն Զաքարեանի մօրն ու քրոջը, որոնք Պէյրութէն եկած էին իրենց ու մեր հերոսի թաղման։ Կարելի՞ էր հանգիստ ունկնդրել Վրէժի պատմածը, որ իր սեփական զաւկին հետ կողք կողքի կը մասնակցէր Շուշիի ազատագրութեան մարտերուն։ Կրնա՞ս զսպել արցունքներդ երբ կը փոխանցեն իրենց հետ գիշերներ լուսցուցած Վարդան Բախշեանի նահատակութեան կամ Ժիրայր Սէֆիլեանի վիրաւորուելուն մասին, եւ այսպէս հարիւրաւոր կորուստներ ու ցաւեր։
Այսպէս էին Հայաստանի մութ ու ցուրտ տարիները։ Բայց իսկապէ՞ս մութ եւ ցուրտ էին։ Երբեք։ Անոնք աւելի ջերմ ու լուսաւոր էին քան այսօր, որովհետեւ ողջ Հայաստանն ու Արցախը իրենց լաւագոյն զաւակներու արեան գնով ազատութիւն կը կերտէին։ Երբեք այնքան մօտիկ չէի զգացած պատմութեան, երբ առանց սպասելու պատմաբաններու գնահատականին՝ օրը օրին աչքիդ առջեւ կը զգայիր որ պատմութիւն կը կերտուի, Շուշին, Լաչինը, Քարին Տակը, Քարվաճառը կ՛ազատագրուին, Հայաստանի ազգային բանակ կը կառուցուի, պետականութեան հիմքերը արմատ կը նետեն, Ազատութեան հրապարակը հայրենասիրութեամբ տոգորուած ամբոխ կը մէկտեղէ ու հայրենիքի ազատագրութեան համար նուիրաբերած հերոսին դէպի անմահութիւն կ՛ուղեւորէ։
1992 թուականին կայցելէինք նոր ազատագրուած Մեղրիի շրջանի Նիւուատի գիւղ, ուր տեղաւորուած էին Գետաշէնէն մազապուրծ եղած հայորդիներ: Երբ տարեց մամիկի մը ներկայացանք որպէս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներ, ան շատ անտարբեր էր, իսկ երբ յայտնեցինք, որ մենք Թաթուլ Կրպէեանի ընկերներն ենք, մայրական անհուն սիրով գրկեց ու համբուրեց ըսելով, որ Թաթուլի հերոսութեան շնորհիւ է որ շատ մը գետաշէնցիներ փրկուած են, ու այնտեղ հասկցայ որ այդ մթութեան, ցուրտի ու ահաւոր պատերազմին մէջ հերոսները իրենց նուիրումով, Գէորգ Չաւուշի, Դրոյի ու Նժդեհի օրինակով լուսաւոր ճաճանչներ պարգեւած են մեր ժողովուրդին, եւ ամենակարեւորը՝ որ այդ ճաճանչները երեւելի են ոչ միայն ժամանակի հեռաւորութեան վրայ ու պատմաբանի արժեւորումով, այլ օրին, ականատեսի հաստատումով։
Նոյն այդ օրերուն, Հայաստանի ու Արցախի վրայ տարածուած մեր տեսած ու զգացած ջերմութեան ու լուսաւորութեան երկնակամարը կու գար մթագնելու վերնախաւի վարած քաղաքականութիւնը, ազգային արժէքները կեղծ «քաթեկորիա» նկատելով, Ժելեզնաւոտսքի մէջ պարտութեան պայմանագիր ստորագրելով, Շահումեանի օգնութեան հասնելիք ուժերու ուշացումով, ազգը նարինջ եւ «քարթոշքա» ուտողներու բաժնելով, արուեստականօրէն ուժանիւթի ճգնաժամ ստեղծելով, կամայական ձեւով ատոմակայան փակելով, իշխանական աթոռներու պահպանման համար սեփական ժողովուրդին վրայ կրակելով, եւ ուրիշ այլ քայլերով։ Այս թուարկածներէն իւրաքանչիւրին մասին կարելի է առանձին ու երկար խօսիլ ու հիմնաւորել, բայց փաստը կը մնայ այն, որ այդ բոլորը այսօր կարելի է խղճի հանգստութեամբ նետել պատմութեան աղբամանը եւ մեզի ժառանգ կը մնայ այդ տարիներու բերած լուսաւոր նուաճումները, որովհետեւ վերնախաւէն եկած մթութիւնն ու ցուրտը չքացան ժողովուրդին ու հերոսներուն բերած լոյսով ու ջերմութեամբ։ Ճիշդ է, որ այդ բոլոր քայլերը մեր ենթագիտակցութեան մէջ այդ տարիներուն հետ կապուած արմատացուցած են «մու»չ եւ «ցուրտ» արժեւորումը, բայց նոյնքան ճիշդ է, որ այդ բոլորը մեր ետին թողած արդարօրէն կը հպարտանանք այդ տարիներու ջերմութեամբ ու լուսաւորութեամբ եւ կը յիշենք թէ ինչպէս ամբողջ ազգը, հայրենիքով ու Սփիւռքով, որպէս մէկ բռունցք, ուս-ուսի օգնութեան ձեռք կը մեկնէին մէկը միւսին ու դէմ կը դնէին անարգ թշնամիին։ Այդ օրերուն նիւթապաշտութիւնը վերացած էր, սահմանափակ հնարաւորութիւններով հարեւանը օգնութեան ձեռք կը մեկնէր հարեւանին, ինքնաշարժ վարողը անվճար կը տեղափոխէր անծանօթ քալողին, հայրենիքի պաշտպանութեան կը նետուէին կամաւոր կերպով, արտերկրի հայը հայրենաբնակին կընդունէր գրկաբաց, հայրենիքին համար նիւթական օժանդակութիւնները կը կատարուէին անսակարկ, հայրենիքէն հեռանալը հաշտ աչքով չէր դիտուէր եւ «Դէպի Երկիր» կարգախօսը վարակած էր շատերուն։ Ապա հարց կը ծագի, այդ տարիներն էին թէ՞ այս տարիները մութ ու ցուրտ։