ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Երեւանի մէջ Յունիս 2ին կայացած ցմահ բանտարկեալներու խնդիրներուն նուիրուած քննարկման ընթացքին, Հայաստանի մէջ Հելսինկեան յանձնաժողովի նախագահ Աւետիք Իշխանեան յայտարարած է, թէ Հայաստանի դատական համակարգը ամբողջութեամբ կայացած չէ: Անոր խօսքերով, 1991էն ի վեր, ցմահ բանտարկեալներու ոչ մէկ գործ վերանայուած է:
«Ստացւում է այնպէս, որ դատարանը կարող է սխալ վճիռ կայացնել քաղբանտարկեալների նկատմամբ, իսկ ցմահ բանտարկեալների նկատմամբ՝ ոչ: Նշանակո՞ւմ է դա արդեօք, որ մեր դատական համակարգն այնքա՛ն կատարեալ է, որ դատարանի որոշումը կարելի է չվերանայել», ըսած է Իշխանեան եւ նշած, թէ բոլոր զարգացած երկիրներուն մէջ ցմահ բանտարկեալներու դատական գործերը կը վերանայուին, եւ իբրեւ արդիւնք՝ շատերը ազատ կ՛արձակուին: