ԱԹԷՆՔ.- Պոլսոյ գրաւման 558րդ տարելիցին առիթով, ոգեկոչական ձեռնարկներու շարք մը իրագործուեցաւ անցեալ շաբաթավերջին Աթէնքի մէջ, Պոլսեցի յոյներու միութեան նախաձեռնութեամբ:
Ուրբաթ, Մայիս 27ին, կէսօրէն ետք ժամը 6:30ին, Փալէօ Ֆալիրոյի քաղաքապետութեան մշակութային կեդրոնէն ներս խորհրդաժողով մը տեղի ունեցաւ՝ «Պոլսոյ գրաւումէն ետք հելլէն տարրի գոյութիւնը դարերուն ընդմէջէն» նիւթով:
Խօսքերով հանդէս եկան պատմաբաններ եւ հնագէտներ Մարիա Էֆթիմիու, Փ. Գոնորթաս, Պոնտոսի փրոֆեսէօրներու միութեան նախագահ Անտոնիս Փաւլիտիս, եւ այլ անձնաւորութիւններ:
Կիրակի, Մայիս 29ի առաւօտեան ժամը 10ին, հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Աթէնքի Քափնիքարէաս եկեղեցւոյ մէջ, ապա դափնեպսակներ զետեղուեցան Միթրոփոլէոս հրապարակին վրայ զետեղուած Գոնսթանտինոս Փալէոլողոսի արձանին առջեւ ու Սինտաղմայի «Անծանօթ Զինուորի» յուշադամբանին առջեւ:
ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ ներկայ գտնուեցան զոյգ ձեռնարկներուն: