ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Դեկտեմբեր 15ին, Հայաստանի մօտ Լաթվիոյ նորանշանակ դեսպան Կինթս Աբալս (նստավայրը՝ Վիեննա) Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնած է իր հաւատարմագիրը:
Նախագահի մամլոյ գրասենեակին համաձայն, հանդիպման ընթացքին դեսպանը ըսած է. «Իմ երկիրը վճռական է Հայաստանին աջակցութիւն ցուցաբերելու՝ ԵՄի հետ համագործակցութեան, ծրագիրներու իրականացման գործընթացին մէջ, եւ պատրաստակամ է կիսելու իր տասնամեակէ աւելի փորձը»: Դեսպանը վերահաստատած է 2011ին Սերժ Սարգսեանի՝ Լաթվիա այցելելու նախագահ Վալտիս Զատլերսի հրաւէրը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.