
Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ ) բնիկ հայ բնակչութեան, մշակութային ժառանգութեան կոթողներուն եւ հայ քրիստոնէական կրօնական վայրերուն ցեղասպանութիւնը եւ առանց արգելքի ոչնչացումը մտած է նոր եւ աւելի չարագուշակ փուլ մը։ Ատրպէյճանի պետական կառոյցները ուժեղացուցած են իրենց արշաւները՝ ներկայացնելով Արցախը, որպէս պատմականօրէն՝ ատրպէյճանական տարածաշրջան, մանաւանդ վերջերս բնիկ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանումէն ետք։ Այս անգամ անոնց մարտավարութիւնները կը ներառեն նաւթատոլարով հովանաւորուած շքեղ զբօսաշրջութեան ուղեգիծերու, ակադեմական ներգրաւման նախագիծերու եւ աշխարհաքաղաքական վերադասաւորման նախաձեռնութիւններու խթանումը՝ Արցախի Հանրապետութեան տարածքներուն մէջ։ Շարունակուող ցեղասպանութեան այս նոր մակարդակը եւ անոր ժխտումը ակնյայտօրէն կը մտին հաստատել հակահայկական կեղծ պատմութիւններ, որոնք կը տարածուին Ատրպէյճանի կողմէ՝ ջնջելու համար Արցախի մէջ հայկական հազարամեայ ներկայութեան եւ մշակութային արտադրութեան կենդանի ապացոյցները։ Օգտագործելով Արցախի առեւտրական, տարրական եւ բնական պաշարները ու հարստութիւնները, այս նոր արշաւներուն միջոցով Ատրպէյճան կը շարունակէ սեփականացնել հայկական (եւ համաշխարհային) մշակութային ժառանգութեան վայրերը, հնագիտական գանձերը (artifacts) եւ նիւթական, ինչպէս նաեւ ոչ նիւթական մշակութային գանձերն ու աւանդութիւնները։ Ամբողջ ժողովուրդի բնաջնջումը այժմ կը լուացուի, կը յարմարեցուի եւ նոր անուն կը ստանայ զբօսաշրջութեան, ակադեմիայի եւ գործարար նախաձեռնութիւններու քօղին տակ։
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԻՒՆ
Ամերիկացի ճամբորդները այժմ կը հրաւիրուին «ընտիր» ուղեւորութիւններու դէպի «նոր» նշանակէտ մը՝ «Ատրպէյճան»ի մէջ։ Այդ նշանակէտը՞. Արցախ, նոյն տարածաշրջանը, որ ընդամէնը քանի մը ամիս առաջ տուժեց աւելի քան 120,000 բնիկ հայերու համակարգուած ցեղային զտումին պատճառով։ Այս առումով՝ վերջերս կատարուած հետաքննութիւնները ի յայտ բերած են բազմաթիւ զբօսաշրջական գործակալութիւններու գործունէութիւնները, ներառեալ Condé Nast Traveler եւ Travel + Leisure-ի կողմէ հաստատուած շքեղ ճամբորդական կազմակերպութիւններ, որոնք ներկայիս կը հրամցնեն «բացառիկ զբօսապտոյտներ» դէպի Արցախ։ Ճամբորդական առգնողներ ոգեւորութեամբ նկարագրած են տարածաշրջանի «յայտնի» ուտեստները համտեսելու յիշատակելի պահերը, ինչպիսին է որոշակի «կանաչիներով տափակ հաց»ը։ Ատրպէյճանական համարուող խոհարարական հրճուանքը, իրականութեան մէջ, հին, աւանդական արցախահայկական ուտեստն է՝ «Ժենգեալով հաց»ը, որուն բնիկ ստեղծողները այժմ փախստականներ են, ցեղային զտման զոհեր։ Այս գործակալութիւնները «գաղտնօրէն» կը թիրախաւորեն հարուստ արեւմտեան ճամբորդները՝ գրաւուած Արցախի մէջ «յանդուգն զբօսաշրջութեան» ուղեւորութիւններու համար՝ տարաշխարհիկի վերածելով ցեղասպանութիւնը եւ վաճառելով զայն որպէս արձակուրդ։
Նման գարշելի հեգնանքներ հետեւանք են հայերուն դէմ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող ցեղասպանութեան եւ գողցուած հողը, մշակոյթը ու ժառանգութիւնը որպէս սեփականը յամառօրէն վերանուանելու գործունէութեան, երբ աշխարհի հաստատութիւնները կոյր կը մնան եւ, աւելի վատ՝ կը մասնակցին։ Այս ուղեւորութիւնները լայնօրէն չեն հրապարակուիր. փոխարէնը, անոնք ընտրողաբար կը տրամադրուին՝ խուսափելու համար հանրային քննադատութենէն, հակազդեցութենէն եւ մարդու իրաւունքներու հարցերէն։ Այս գաղտնի շուկայավարման (marketing) ռազմավարութիւնը կը ցուցադրէ հաշուարկուած արշաւ մը՝ վերաձեւակերպելու ատրպէյճանական ռազմական ոճիրները եւ ցեղասպանութեան անօրինական ձեռքբերումները, որպէս շքեղ փորձառութիւններ։
ԱԿԱԴԵՄԻԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Աւելցնելով վիրաւորանքը վէրքին, Ճենըֆըր Ուիսթրենտ, «Վուտրօ Ուիլսըն» կեդրոնի ներկայացուցիչ, վերջերս մասնակցած է համաշխարհային քաղաքականութեան համաժողովի մը Ստեփանակերտի մէջ՝ հայկական Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաքը, որ այժմ կը գտնուի գրաւուած՝ ատրպէյճանական ռազմական վերահսկողութեան տակ։ Ամերիկայի կողմէ հովանաւորուող ակադեմիկոսներու եւ ուրիշներու մասնակցութիւնը միջոցառումներու, որոնք կը կայանան իր բնիկ ցեղէն զտուած հողերուն վրայ, անխիղճ հաւանութիւն է հայկական հողերու անօրինական տիրացման։ Անիկա մտահոգիչ մեղսակցութիւն կը ցուցաբերէ ակադեմիական հաստատութիւններու կողմէ, որոնք կը շարունակեն մաքրագործել իրենց ներգրաւումը այսպէս կոչուած դիւանագիտութեան եւ «կայունութեան» լեզուով՝ անտեսելով բռնի տեղահանման եւ մշակութային ոչնչացման ակնյայտ իրականութիւնը։
Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՔ ԸՆԵԼ
Աշխարհի չորս կողմէն լայն շրջանակներ այժմ կոչ կ՛ուղեն բոլոր միջազգային լրատուական գործակալութիւններուն, մարդասիրական կազմակերպութիւններու եւ կառավարութիւններու, ինչպէս նաեւ իրաւաբանական մասնագէտներու, գիտնականներու եւ մարդու իրաւունքներու միջազգային խումբերու, որպէսզի միանշանակ եւ առանց նախապաշարումի դիրքորոշում ցուցաբերեն ցեղասպանութեան, մարդու իրաւունքներու շարունակուող ոտնահարումներուն եւ անպատիժ ձգուած ռազմական ոճիրներու հետեւանքներուն դէմ։ Ստորեւ՝ առնուելիք քայլեր․
– Պոյքոթել բոլոր այն ընկերութիւնները, որոնք գործ կը կատարեն Ատրպէյճանի մէջ եւ անոր հետ, մինչեւ որ անոնք դադրեցնեն ռազմական ոճրագործներու հետ համագործակցիլը եւ դադրեցնեն իր բնիկ ցեղէն զտուած տարածաշրջաններու ճամբորդութիւնները շուկայավարելը։ Այս ընկերութիւններէն որոշները ներկայացուած են Condé Nast Traveler-ի եւ Travel + Leisure-ի մէջ։
– Պահանջել թափանցիկութիւն ակադեմական եւ տնտեսական հաստատութիւններէն՝ ցեղասպանութեան միջոցով գրաւուած հողերուն վրայ կայացած միջոցառումներուն իրենց մասնակցութեան վերաբերեալ։
– Դատապարտել Ատրպէյճանի կառավարութեան ցեղասպանական արշաւը եւ անոր հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ջնջելու եւ սեփականացնելու ջանքերը։
– Պատասխանատուութիւն պահանջել ամերիկեան եւ եւրոպական հաստատութիւններէն, ցեղային զտումէն ետք իրենց լուռ մասնակցութեան եւ շահագործման համար։