Բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթը կը շարունակէ հրապարակել «Ուիքիլիքս»ի տարածած ու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պատկանող գաղտնի փաստաթուղթերը։
Հրապարակուած նոր փաստաթուղթերուն մէջ տեղ գտած են որոշ մանրամասնութիւններ, որոնք կը վերաբերին Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան առնչուող Պենետիքթ ԺԶ. պապի (օրին՝ քարտինալ Ժոզէֆ Ռաթցինկըր) դիրքորոշման։
Ըստ «Կարտիըն»ի, Օգոստոս 18, 2004ին, Վատիկանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան կողմէ Ուաշինկթըն ուղարկուած է փաստաթուղթ մը, որուն մէջ կը նշուի քարտինալ Ժոզէֆ Ռաթցինկըրի՝ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան վերաբերեալ կտրուկ դիրքորոշումը։ Քարտինալ Ռաթցինկըր յայտարարած է, որ պէտք է «իսլամական Թուրքիան հեռու պահել Եւրոպական Միութենէն, որովհետեւ անոր Եւրոպական Միութիւն մուտքը պիտի տկարացնէ Եւրոպայի քրիստոնէական միասնութիւնը»։
«Ուիքիլիքս»ի հրապարակած փաստաթուղթերը նաեւ կը պարունակեն Վատիկանի վերաբերեալ այլ լուրջ բացայայտումներ։ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործավար Ճիւլիէթ Վելլս կը հաղորդէ, որ Վատիկան նպաստած է Մարտ 2007ին, Իրանէն 15 բրիտանացի նաւաստիներու ազատ արձակման։ Մէկ այլ փաստաթուղթի մէջ կը նշուի, թէ քարտինալները ի վիճակի չեն ժամանակակից ճարտարագիտութեան տիրապետելու, ուստի տեղեկատուութեան փոխանցման գործին մէջ խնդիրներ կը ծագին։
«Ուիքիլիքս» Վատիկանի վերաբերեալ 16 փաստաթուղթ հրապարակած է։ Վատիկան այդ առնչութեամբ տարածեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսէ, թէ այդ փաստաթուղթերը «կ՛արտացոլեն՝ զանոնք արտաքին գործոց նախարարութեան ուղարկած անձերուն ընկալումները, եւ անոնց հաւաստիութիւնը պէտք է գնահատել ողջամտօրէն»։ «Ուիքիլիքս»ի հրապարակումներուն դէմ արտայայտուած է նաեւ Վատիկանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միկել Տիազ, որ դատապարտած է այդ հրապարակումները։
Յայտնենք, թէ «Ուիքիլիքս»ի հիմնադիր Ճիւլիէն Ասանժ, Հինգշաբթի օր փրկագին վճարելով՝ ազատ արձակուեցաւ, ու ներկայիս որոշած է իր գործունէութիւնը շարունակել արեւելեան Անգլիոյ մէջ գտնուող բնակարանէ մը՝ միաժամանակ մնալով ոստիկանութեան հսկողութեան տակ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.