ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երեքշաբթի, Ապրիլ 20ին, Լոս Անճելըսի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի վերահսկիչներու խորհուրդները վաւերացուցին Ապրիլ 24ը Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակման օր հաստատող հռչակագիրներ:
Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ հռչակագիրը ներկայացուած էր Շան Էլսպրենտի, իսկ Լոս Անճելըսի մէջ՝ Մայքըլ Անթոնովիչի կողմէ:
Հռչակագիրներուն մէջ կոչ կ՛ըլլայ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին եւ նախագահին, որ ճանչնան Հայկական Ցեղասպանութիւնը. Լոս Անճելըսի հռչակագիրին մէջ կը շեշտուի, թէ Ցեղասպանութեան զոհերուն, որոնց շարքին՝ Լոս Անճելըսի մէջ բնակող 350 հազար ամերիկահայերուն, վնասուց հատուցում պէտք է կատարուի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.