Կազմակերպութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, Կիրակի, Սեպտեմբեր 13ին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Ժագ Ս. Յակոբեանի՝ նոր հրատարակուած հատորին՝ «Թէքէեան Վահան՝ Աստուածախո՛յզը»ին ողջունահանդէսը:
Օրուան բանախօսն է Մարզպետ Մարկոսեան: Ելոյթներ պիտի ունենան նաեւ Վաչէ Սեմերճեան եւ Բարսեղ Գարթալեան, իսկ հանդիսավարն է՝ Լորա Գոյումճեան:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ՝ (222 E. Harvard Ave.): Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.