ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանին կողմէ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2ին հաղորդուած տեղեկութիւններուն համաձայն, շրջանի պետական երկրորդական վարժարաններու աշակերտները աւելի մեծ համեմատութեամբ սկսած են յաջողելու Քալիֆորնիոյ նահանգին հաստատած երկրորդական աւարտական քննութիւններուն (California High School Exit Exam), սակայն անոնց համեմատութիւնը կը շարունակէ ետ մնալ ամբողջ նահանգին միջինէն:
Աշակերտները պէտք է այս քննութիւնը յաջողութեամբ անցընեն՝ վկայական ստանալու եւ համալսարանական ուսման սկսելու համար:
Նահանգային կրթական մարմիններուն կողմէ հրապարակուած նորագոյն տուեալներուն համաձայն, սպանախօս եւ սեւամորթ աշակերտները կը շարունակեն նուազ համեմատութեամբ յաջողութիւն արձանագրել այս քննութիւններու ընթացքին, քան անոնց սպիտակամորթ կամ ասիացի աշակերտները:
Իրենց առաջին քննութեան ընթացքին, բոլոր աշակերտներուն 70 տոկոսը յաջողած է քննութեան ուսողութեան բաժնին մէջ, մինչ նախորդ տարի այդ համեմատութիւնը 66 տոկոս էր: Ոստումը նոյնքան մեծ չէր քննութեան անգլերէնի վերաբերող բաժնին պարագային, սակայն հոն եւս յաջողութեան համեմատութիւնը աճ արձանագրած է՝ 70 տոկոսէն բարձրանալով 71 տոկոսի:
Քալիֆորնիոյ տարածքին, քննութենէն յաջողած աշակերտներուն համեմատութիւնը 90 տոկոս է, ինչ որ նախորդ տարուան համեմատութենէն միայն 0.2 տոկոսով աւելի բարձր է: