26 Յունուարին վերջ գտաւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ գոյացած զինադադարով սահմանուած՝ իսրայէլեան ուժերը Լիբանանի բոլոր հողերէն հեռացնելու 60 օրերու պայմանաժամը, սակայն Իսրայէլ զայն չյարգեց եւ շարունակեց զինադադարի խախտումները:
Իսրայէլեան բանակը Կիրակի առաւօտեան զգուշացուց հարաւային Լիբանանի կարգ մը սահմանամերձ գիւղեր ուղղուելէ, սակայն հակառակ այդ զգուշացումին՝ հարաւային Լիբանանի բնակիչները սկսան իրենց գիւղերը վերադառնալ: Հազարաւոր քաղաքայիններ հաւաքուեցան իրենց գիւղերու մուտքերուն, սակայն, իսրայէլեան բանակը կրակ բացաւ եւ ռումբեր նետեց քաղաքացիներուն ուղղութեամբ:
Վերջիններս քալելով ուղղուեցան իրենց գիւղերը` շրջանցելով իսրայէլեան ուժերուն հաստատած պատուարները եւ անտեսելով անոնց կրակոցները: Անոնց ընկերակցեցաւ լիբանանեան բանակը:
Արձանագրուեցան առնուազն 22 զոհեր եւ 124 վիրաւորներ: Սպաննուեցաւ նաեւ լիբանանեան բանակէն զինուոր մը եւ վիրաւորուեցաւ ուրիշ մը:
«Իսրայէլեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ 18 գիւղերէ հեռացաւ», յայտնեց Լիբանանեան զինուորական աղբիւր մը: