
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Յունաստանի Իրաքլիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ծանրաբարձութեան աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականէն Գառնիկ Չոլաքեան նուաճեց ոսկի մետալ մը՝ դառնալով աշխարհի երիտասարդներու ախոյեան, 55 քլկ․ դասակարգին մէջ։
Նաեւ, 67 55 քլկ․ դասակարգին մէջ, Գոռ Սահակեան պրոնզ մետալի արժանացաւ:
