ԱԹԷՆՔ․- 5 Մայիսին, Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը՝ նուիրուած Արցախի հիմնահարցին։ Ներկայ էին Քոնկրեսի պատգամաւորներ, որոնց մէջ էին Պասկերու Երկրի եւ Քաթալոնիոյ ներկայացուցիչներ (Jon Inarritu, Alberto Casero, Anton Gomez, Marta Rosique, Mariona Ilhamona), Սպանիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սօս Աւետիսեան, Հայկական Սփիւռքի ներկայացուցիչներ, սպանացի լրագրողներ։
Խորհրդաժողովին առցանց միացաւ նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան։
Մասնակցողները քննարկեցին Արցախի, Հայաստանի եւ տարածաշրջանի իրավիճակը։
Իրաւաբաններ Էմմա Յակոբեան եւ Լեւոն Գրիգորեան պարզաբանեցին Արցախի հիմնահարցի իրաւական բաղկացուցիչները։
Դաւիթ Բաբայեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սպանիոյ Քոնկրեսի պատգամաւորներուն` Արցախին աջակցելուն եւ դատապարտելուն համար 2020ին Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ միջազգային ահաբեկիչներու յարձակումները Արցախի դէմ։
Մասնակցողները համոզուած էին, որ բոլոր բնական եւ սթափ մտածող մարդիկ քաջ կը գիտակցին, որ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ միջազգային ահաբեկիչներու յարձակումը Արցախի դէմ յարձակում էր ամբողջ քաղաքակիրթ մարդկութեան դէմ եւ այս հարցով չէզոքութիւնը եւ անտարբերութիւնը միայն կը խթանեն նոր յարձակումները քաղաքակիրթ աշխարհի դէմ։
Անոնք ընդգծեցին նաեւ Ռուսիոյ եւ անոր խաղաղապահներուն կարեւոր դերը ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ՝ խաղաղութեան եւ ապահովութեան պահպանման գործին մէջ։
Մասնակցողները յայտնեցին, թէ յոյս ունին, որ նման ձեռնարկներու շարունական եւ պարբերական բնոյթը կը նպաստեն աշխարհին Արցախի հիմնախնդիրը հասկնալի եւ հասանելի դարձնելուն։ Անոնք կոչ ըրին Սպանիոյ Քոնկրեսին ՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ սատարելու Արցախի ժողովուրդին ՝ լուծելու հարցը միջազգային չափանիշներու, ուժի չկիրառնան, մարդու հիմնարար իրաւունքներու առաջնահերթութեամբ, իսկ Արցախի հարցի վերջնական լուծումը ՝ ՄԱԿի կողմէ իրաւագիր ունեցող Մինսքի խումբի ծիրին մէջ։ Անոնք շեշտեցին, որ իւրաքանչիւր արցախցիի համար սպանական «No pasaran» (անոնք պիտի չանցնին) կարգախօսը, ըստ էութեան, ապրելակերպ է։
Գիտաժողովը կազմակերպած էր Սպանիոյ մէջ Սփիւռքի երիտասարդ դեսպան, Քաթալոնիոյ «Արարատ» հայկական միութեան նախագահ Սարգիս Յակոբեան։
Arzakh YES, but don’t forget THE MAINE: Armenia Sevres treaty
IRREVOCABLE BORDER APPROVAL: THAT TURKEY/RUSSIA ALLIANCE
IS TRYING TO FORCE ILLEGAL BORDERS ACCEPTANCE BEFORE A
NATIONALIST GOVERNMENT ASKS FROM U.N. WORLD COURT TO
APPROVE OUR *IRREVOCABLE BORDER ACCEPTANCE BY S.D.N.
(SOCIETE DES NATIONS)*, APPROVED WITH GREAT SEAL BY U.S.A.
We have precious HIGHEST VALUE TREASURE and IGNORING its
EXISTENCE, FORCEFULLY, BY BOLSHEVIK- TURKEY 1921 MOSCOW
TREATY, VALID TO DAY , ENGAGED TO ELIMINATE ARMENIA IN CASE
OF ASKING OUR BORDER RIGHTS LIKE 37 NATIONS *EXCEPT* US.
LAST 44 DAY WAR WAS A WARNING; IF UKRAINE FALLS NEXT IS
ALL EX USSR REPUBLICS UNIFICATION UNDER NEW “USSR”.
WE ARE SUFFERING 220 YEARS UNDER RUSSIAN RULE, THE TIME
IS RIGHT TO HAVE FREE, INDEPENDENT, DEMOCRATIC BUT
NATIONALIST ARMENIA !!!!.