ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի կառավարութիւնը որոշած է երկու նոր անցակէտեր տեղակայել Հայաստանի հետ սահմանին:
Ըստ Ատրպէյճանի կառավարութեան մամլոյ հաղորդագրութեան՝ վարչապետ Ալի Ասատով ստորագրած է համապատասխան դասաւորման փաստաթուղթը, որմով մէկական անցակէտ պիտի տեղակայուի Ղուբաթլիի շրջանի Էյվազլի եւ Զանգիլանի շրջանի Ղազանչի գիւղերուն մէջ:
Յաւելեալ անցակէտեր պիտի գործեն նաեւ Ֆիզուլիի եւ Զաքաթալայի շրջաններու միջազգային օդակայաններուն մէջ։