ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հակառակ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարին յորդորին՝ Ատրպէյճան մինչեւ օրս կը մերժէ վերադարձնել Արցախի վերջին պատերազմին հետեւանքով գերի բռնուած հայերը, Washington Post-ի մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ կը գրէ յայտնի հայազգի լրագրող Տէյվիտ Իկնէյշըս։
«Ամերիկացի պաշտօնեաները կ՛ըսեն, որ Ատրպէյճանի կողմէ տակաւին կը պահուին 52 հայեր», կ՛ըսէ Իկնէյշըս՝ ընդգծելով, որ Պաքուէն կը պնդեն, թէ անոնք պատերազմին մասնակցողներ չեն, այլ հոն եկած են հրադադարէն ետք եւ ահաբեկիչներ են, բան մը, որ կը հերքուի Հայաստանի կողմէ։
«Եւրոպայի հարցերու Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ֆիլիփ Ռիքըր գերիներու հարցը բարձրացուցած է Ատրպէյճանի արտաքին նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ Փետրուարին ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին՝ պահանջելով, որ Միջազգային Կարմիր Խաչին արտօնուի այցելել բանտարկեալներուն», կը գրէ հեղինակը։
Իկնէյշըս կը նշէ, որ ամերիկացի պաշտօնեաները յաջորդող շաբաթներուն եւս հետեւողականօրէն հանդէս եկան գերիները ազատ արձակելու կոչերով։ Լրագրողը կը մէջբերէ Պայտընի վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկուն խօսքերը, որուն մէջ ան ըսած է հետեւեալը. «Մենք կը յուսանք, որ աւելի մեծ թիւով ձերբակալուածներ ազատ կ՛արձակուին։ Մենք չենք բանակցիր, սակայն կը յորդորենք անոնց բարի կամք դրսեւորելու»։
Իկնէյշըս կը յիշեցնէ, որ հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու յորդորներուն միացած են նաեւ քոնկրեսականներ։
Յօդուածագիրը կ՛ըսէ, որ հայ գերիներու հարցը զգացական տեսանկիւնէն նոր նշանակութիւն պիտի ստանայ Ապրիլի վերջը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցի օրերուն։ Ան կը յիշեցնէ, որ վերջերս յայտնի միջազգային մեկնաբան Եան Պրեմըր, վկայակոչելով Սպիտակ տան իր աղբիւրները՝ ըսած էր, որ Պայտըն Ապրիլի 24ին պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Լրագրողը կ՛եզրակացնէ, որ այս տարուան ոգեկոչման եւ յիշատակի ձեռնարկները յատկապէս զգայուն պիտի ըլլան Արցախի պատերազմին Հայաստանի կրած պարտութեան հետեւանքով։