ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախագահական նստավայրին մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի մասնակցութեամբ, 10 Դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ զանազան շրջաններու դատաւորներու երդման արարողութիւնը։
Նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորեց նորանշանակ դատաւորները եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց պատասխանատու աշխատանքին մէջ: «Ցանկանում եմ յիշեցնել, որ ձեր աշխատանքից շատ բան է կախուած մեր երկրի թէ՛ կայնութեան, թէ՛ պետականութեան կառուցման իմաստով: Չկայ պետութիւն, որտեղ որոշակի ինստիտուտներ (կառոյցներ, հիմնարկներ-Խմբ.) կայուն չեն, որտեղ որոշակի ինստիտուտների նկատմամբ խորը յարգանք չկայ, եւ այդ երկիրը կայուն է ու զարգացման հնարաւորութիւն ունի», նշեց նախագահը՝ զարգացման կարեւոր կառոյցներէն մէկը նկատելով ինքնին դատական համակարգը: Նախագահը ընդգծեց օրէնքի եւ օրինականութեան պահպանման դերը եւ կարեւորութիւնը՝ երկրին մէջ արդարութեան ու արդարադատութեան եւ դատարաններու նկատմամբ վստահութեան տեսանկիւնէն:
«Օրէնքները՝ սկսած Սահմանդրութիւնից, կենդանի են, երբ կիրառւում են: Եւ այդ կիրառութիւնը ձեր ձեռքերումն է: Ձեր զգացմունքները, նախընտրութիւնները պէտք է մի կողմ դրուեն, եւ դուք պէտք է առաջնորդուէք միմիայն օրէնքով: Միայն այդ դէպքում մեր քաղաքացիները կը վստահեն պետական համակարգին, կը վստահեն արդարադատութեանն ու դատական համակարգին: Իսկ առանց դրա չենք կարող ունենալ կայուն երկիր, որը կարողանայ դիմակայել փորձութիւններին: Իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է համարի, որ ճիշդ երկրում է ապրում», ընդգծեց նախագահը՝ աւելցնելով, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ե՛ւ օրէնքի, ե՛ւ պետութեան, ե՛ւ պետականութեան դէմքն է: