ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 8 Դեկտեմբերին, ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէութեան նախաձեռնութեամբ նշուեցաւ ՀՅԴ հիմնադրութեան 129ամեակը:
Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) յուշարձանին մօտ կազմակերպուեցաւ երդման արարողութիւն, որուն ընթացքին երեք անձեր միացան ՀՅԴի շարքերուն:
Այնուհետեւ կոմիտէութեան անդամներուն մասնակցութեամբ կազմակերպուեցաւ տօնական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ՀՅԴի 129ամեայ ուղիին, մատնանշուեցան ներկայի մարտահրաւէրները, հնչեցին ազգային երգեր եւ ներկայացուեցան պարեր: