ԵՐԵՒԱՆ.– ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւնը՝ Աղուան Վարդանեան, Լիլիթ Գալստեան ու Պետրոս Մեղրեան կազմով, հանդիպում ունեցան Հայաստանի մօտ Վրաստանի դեսպան Թենքիզ Շարմանաշվիլիի հետ: Հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատուեցան երկու երկիրներուն միջեւ տարածաշրջանային կայունութեան պահպանման միտող խորքային յարաբերութիւնները, տնտեսական խնդիրները, անդրադարձ կատարուեցաւ հոգեւոր կապերուն եւ անոնց ամրապնդման կարելիութիւններուն։
ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանը ընդգծեց այն հանգամանքը, որ երկիրներուն միջեւ տարածաշրջանային եւ քաղաքական հետաքրքրութիւններն ու կողմնորոշումները պէտք չէ խանգարեն երկիրներուն միջեւ փոխադարձ ըմբռնման եւ տարածաշրջանային կայունութեան ապահովումը:
Անդրադառնալով ջաւախքահայութեան հոգեւոր ու մշակութային իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցին՝ Լիլիթ Գալստեան կարեւոր նկատեց սահմանումը այնպիսի ընթացակարգերու, որոնք պիտի նպաստեն æաւախքի մէջ հայ ինքնութեան պահպանութեան ու հայեցի կրթական ծրագիրներու իրականացման:
Դեսպան Թենքիզ Շարմանաշվիլի ներկայացուց սահմանադրական բարեփոխումներու վրացական փորձը: Կարեւոր նկատելով երկկողմանի յարաբերութիւններու անհրաժեշտութիւնը՝ քննարկուեցաւ նաեւ կարելիութիւնները՝ յառաջիկային ՀՅԴի պատուիրակութեան Վրաստան այցելութեան:
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ առաւել սերտօրէն աշխատելու եւ պարբերաբար տեսակէտներ փոխանակելու վերաբերեալ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.