ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Հայոց լեզուն մեր լինելութեան գլխաւոր գրաւականն ու յենարանն է, մեր ազգային զգացողութեան իւրայատուկ ճառագայթումը, հայու հարազատ ինքնութիւնը պաշտպանող զօրեղ վահանը: Մեծ եղած է Մեսրոպ Մաշտոցի ծառայութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, եւ մենք՝ իբրեւ հայ ազգ ու պետութիւն, մեր գոյութեամբն իսկ պարտական ենք մեծ գիւտարարին, որովհետեւ հայ գիրերու գիւտը տասնվեց դարէ ի վեր կը հանդիսանայ հայ ինքնութեան հիմնարար կռուաններէն՝ Երկիր մոլորակի տարածքին:
Հակառակ այս իրողութեան, սակայն, աշխարհասփիւռ հայ ազգի ներկայ կեանքին մէջ հայոց լեզուն՝ իբրեւ ազգային ոգեղէն հարստութիւն, ոչ միայն մնացեր է անտէր ու անպաշտպան, այլեւ օր աւուր կը կորսնցնէ իր կենսունակութիւնը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ:
Հայերէն լեզուի այսօրուան անկումային վիճակը իր մտահոգութիւնը ըրած Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան գրական-գեղարուեստական յանձնախումբը, օգտուելով «Բագին» գրական հանդէսի խմբագիր Յակոբ Պալեանի Լոս Անճելըս այցելութենէն՝ կազմակերպեց երկու ձեռնարկներ՝ նուիրուած հայոց լեզուի ներկայ իրավիճակին: Զոյգ ձեռնարկները տեղի ունեցան Կլենտէյլի «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան սրահին մէջ, հանդիսավարութեամբ Սեդա Գրիգորեանի:
Առաջինը գործադրուեցաւ կլոր սեղանի ձեւով՝ գործակցութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ գործող կրթական եւ մշակութային միութիւններու, Շաբաթ, 26 Ապրիլ 2014ին, նիւթ ունենալով «Հայերէնը եւ հայեցի կրթութիւնը՝ ազգային ռազմավարութիւն»ը: Մասնակիցներն էին Յակոբ Պալեան (Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն), Յարութ Տէր Դաւիթեան (Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւն), Օշին Քէշիշեան (Թէքէեան Մշակութային Միութիւն), Հրաչ Սեփեթճեան (Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն), Մինաս Գոճայեան (Հայաստանի Գիտութեան եւ արուեստի ազգային ակադեմիա) եւ Վաղարշակ Վարդանեան («Մեսրոպեան ուխտ»):
Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Սեդա Գրիգորեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն՝ նշելով, որ հայեցի կրթութիւնը անցեալին Սփիւռքի ցաւն էր, սակայն ներկայիս անիկա վերածուած է ընդհանուր եւ համազգային մտահոգութեան՝ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ: Ապա ան նախապէս պատրաստուած տարբեր հարցադրումներով դիմեց իւրաքանչիւր մասնակիցի, որպէսզի ընդգրկուն այս նիւթին էական երեսներն ու հիմնական խնդիրները բերուին սեղան եւ արժանանան համապատասխան քննարկման:
Մօտաւորապէս երկու ժամ տեւախ կլոր սեղանին ընթացքին քննարկուեցան հայերէնի եւ հայախօսութեան այսօրուան պատկերը, շրջապատի ազդեցութիւնը՝ հայախօսութեան եւ հայերէնի ընկալման վրայ, ազգային գաղափարախօսութեան տարածման ձախողութիւնը հաւաքական մեր կեանքէն ներս, հայերէն ուսուցանողներու եւ օտար լեզուներ դասաւանդողներու որակական տարբերութիւնը՝ մասնագիտական պատրաստուածութեան առումով, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր աշխարհագրական շրջանի եւ ընկերամշակութային կացութեան համապատասխան դասագիրքերու խնդիրը, ըստ տարիքի բառամթերքի սահմանումը, գիտութիւններու յատուկ բառապաշարի իւրացումը եւ լեզուական-ուղղագրական-քերականական բարդութիւնները, որոնց հանրագումարը հանդիսացաւ հայոց լեզուի ու հայեցի կրթութեան ռազմավարական նշանակութիւնը:
Կլոր սեղանի մասնակից մասնագէտները, գրող-մտաւորականներն ու ուսուցիչները կենդանի օրինակներով, պատմաքաղաքական հիմքերու օգտագործումով եւ յստակ ու մեկին մատնանշումներով, ներկաներուն փոխանցեցին իրենց մտածումները, մտահոգութիւններն ու առաջադրանքները՝ խիստ շահեկան ընծայելով պահը, ներկայացուած առիթն ու արծարծուած նիւթի տարողունակ ընկալումը:
Աւարտին, ազգային գոյութեան հիմնաքարը հանդիսացող հայոց լեզուի ներկայ անմխիթար վիճակին մասին հաստատումներ ըրին եւ մասնակիցներուն հարցումներով դիմեցին սրահը լեցուցած աւելի քան հարիւր քսան ներկաներէն շատերը՝ ստանալով յաւելեալ լուսաբանութիւններ:
***
Երկրորդ ձեռնարկը՝ դասախօսական երեկոյ մը, տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 28 Ապրիլ 2014ին: Բանախօսեց Յակոբ Պալեան՝ «Սփիւռքի լեզուական խառնակութիւնը… եւ անտիրութիւնը» նիւթով, եւ անգամ մը եւս անհրաժեշտ համարեց «թապու»ներու մասին ազգովին խօսիլը, յատկապէս՝ հայութեան ապագային մասին, «չիյնալու համար «սոսկ ծագումով հայ» ըլլալու կորստական պարտութեան մէջ, որովհետեւ այսօր հայերէնը անտէր է եւ հայերէն երկճիւղ լեզուին մէջ ներկայիս տիրող խառնակութեան եւ անտիրութեան դէմ պայքարը՝ էական», ըսաւ ան եւ գաղափարախօսական յանձնառութեան հոսանք մը ստեղծելու կարիքը նկատեց հիմնարար մօտեցում՝ «վերականգնելու համար հայերէնի որակը՝ չենթարկուելով ամբոխի տեղատուութեան ճնշ-ման, այլ՝ հայոց լեզուն վերածելով ստեղծագործական զէնքի»:
Պալեանի խօսքը համեմուած էր հայութեան ներկայ կեանքէն վերցուած օրինակներով, որոնք իբրեւ մէյ մէկ փաստացի վկայութիւն՝ սրահին մէջ հնչեցուցին ահազանգ, յատկապէս երբ քանի մը տասնեակ ներկաներէն շատեր ձայնակցեցան նիւթի քննարկման եւ տեղին կատարուած արտայայտութիւններով փորձեցին լուծումներ որոնել հայոց երկճիւղ լեզուի բարեյաջող ընթացքն ու զարգացումը բազում տասնամեակներէ ի վեր խոչընդոտող բոլոր այն անբարենպաստ պայմաններուն ու արգելքներուն, զորս կարելի է բնորոշել իբրեւ պետական ծրագիրի բացակայում, ղեկավարութեանց անհեռանկարային մօտեցում, ժողովրդական մակարդակի անտարբերութիւն, ձուլում, ազգային հպարտութեան թուլացում կամ բացակայութիւն, մասնագիտական մօտեցումներու չգոյութիւն, միջոցներու անբաւարարութիւն, հայու ազգային ինքնութիւնն ու հայոց լեզուի գոյութիւնը յաւերժացնող մշակութային եւ կրթական յստակ քաղաքականութեան մը ծրագրումի պակաս՝ Հայաստանի պետական մակարդակէն սկսեալ մինչեւ թաղային դպրոցներն ու հեռաւոր գաղութներու եկեղեցիները, ակումբները եւ հայ ընտանիքներու տուները:
Յակոբ Օշականի «Մագաղաթը աւելի կը տեւէ, քան մարմարը» խօսքին իմաստային հզօրութեան վրայ իր շեշտը դնելով՝ Պալեան թելադրեց ժողովրդային լօզունգի վերածել զայն եւ դաստիարակել ամբոխը նաեւ ա՛յս իմաստութեամբ, որպէսզի քիչ մը աւելի տոկայ ու տեւէ հայ ազգը:
Յայտնենք, որ զոյգ ձեռնարկներու աւարտին, Սեդա Գրիգորեան կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց կլոր սեղանի մասնակիցներուն, սրտցաւ ներկաներուն, Վաչէ Պարսումեանին՝ սրահը անվճար տրամադրելուն համար, ատամնաբոյժ Մհեր Պապեանին եւ Վաղարշակ Վարդանեանին՝ ձեռնարկներու յաջողութեան ի նպաստ իրենց բերած օժանդակութեան համար: