
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Սփիւռքի տարածքին մեծ ու բարերար դերեր ունեցած են հայրենակցական մեր բոլոր միութիւնները: Իրենց պապենական հողերէն եւ տուներէն վտարուած մեր ժողովուրդը, օտար երդիքի տակ հազիւ ինքզինք գտած՝ անմիջապէս իր հայրենակիցներուն միանալով մտածած է իր կարելի բոլոր միջոցներով կենսական ապրուստի եւ ուսման կարօտեալ իր միւս հայրենակիցներուն գործնականապէս օգնութեան ձեռք երկարել:
Պատմութիւնը վկայ՝ յատկապէս Ամերիկայի այս ափերուն մեր միութիւնները իրենց օրինակելի եւ օրհնաբեր դերը ունեցած են մեր ժողովուրդի զաւակներու կեանքին մէջ:
Մեկնելով այս կենսական պարտաւորութիւններէն ու պարտականութիւններէն՝ վերջերս Լոս Անճելըսի մէջ խումբ մը մտահոգ համախարբերդցիներ գումարեցին պատմական ժողով մը, որուն ընթացքին կեանքի կոչեցին հիմնադիր վարչութիւն մը, որ պիտի համակարգէ նորակազմ միութեան բոլոր աշխատանքները:
Սոյն միութիւնը կոչուած է Ամերիկայի Համախարբերդի մշակութային միութիւն, որուն իբրեւ պետականօրէն «տուրքէ զուրկ» միութեան մը ճանաչողութեան շուրջ աշխատանք կը տարուի:
Լիայոյս ենք, որ Միացեալ Նահանգներու տարածքին մեր բոլոր հայրենակիցները պիտի համախմբուին միութեանս հովանիին տակ եւ նեցուկ կանգնին անոր այն կոչումին, որուն ծնունդ տուած է մեր այս միութիւնը:
Հիմնադիր վարչութեան անդամներն են՝ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան (ատենապետ), Արա Ահարոնեան (փոխատենապետ), Գէորգ Պետիկեան (քարտուղար), Մարի Թիւթելեան (ատենադպիր, հայերէն), Մարի Նաճարեան (ատենադպիր, անգլերէն), Յասմիկ Շաքարեան-Աճէմեան (գանձապահ), Գրիգոր Գիզիրեան, Ճանիկ Գայաճեան եւ Շաքէ Սաղտճեան (խորհրդականներ):
Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ մանրամասնութիւններու համար, դիմել քարտուղար Գէորգ Պետիկեանին՝ (818) 244-5997 թիւով կամ bedig43@aol.com հասցէով:
(Ամերիկայի Համախարբերդի Մշակութային Միութիւն)