ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայաստանի սահմանի մերձակայքը ջրամբար մը պիտի կառուցուի Արաքս գետին վրայ։ Կարս նահանգի պետական ջրային գործերով վարչութեան պետ Հայաթի Չելենք յայտարարեց, թէ Ըղտըրի Թուզլուճա շրջանի Եուքարը Չըյրըքլը գիւղին մօտ, Հայաստանի սահմանէն 1200 մեթր հեռաւորութեան վրայ ամբարտակ մը պիտի կառուցուի։ Ամբարտակը պիտի ունենայ 45 մեթր բարձրութիւն։ Ջրամբարը պիտի ունենայ գիւղատնտեսական նշանակութիւն, քանի որ Ըղտըրի դաշտավայրը ջուրի խնդիր ունի։
Յիշեցնենք, որ հայկական կողմը մտահոգութիւն յայտնած էր Արաքսի վրայ կառուցուելիք ջրամբարներուն ուղղութեամբ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.