ՍԱՆԱԱ, «Ճազիրա».- Եմէնի մայրաքաղաք Սանաայի մէջ, Եմէնի իշխանութեան համակիր ու անոնց ընդդիմադիր շրջանակներուն միջեւ զինեալ բախումները շարունակուեցան Հինգշաբթի, Մայիս 26ին, խլելով աւելի քան 40 զոհ: Երկուշաբթի օր սկսած բախումներուն թիւը 110էն աւելի է: Եմէնի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ յայտնեց, որ 28 անձեր սպաննուած են, երբ արշալոյսին զինամթերանոցի մը մէջ պայթում մը տեղի ունեցած է։
Ֆրանսայի մէջ, «Ութեակի խմբակ»ի գերաստիճանին մասնակից ղեկավարները Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի կոչ ուղղեցին հեռանալու իշխանութենէն։ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ Ֆրանսա ցաւ կը յայտնէ բախումներուն համար, որոնք հետեւանք են քաղաքական անել կացութեան, որուն պատասխանատուն Սալեհն է, որովհետեւ ան կը մերժէ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի փոխանցման համաձայնութիւնը ստորագրել։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, Եմէնի արիւնալի բախումներուն առնչակից բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց անմիջապէս դադրեցնելու բռնարարքները։ Ան խոր մտահոգութիւն յայտնեց տեղի ունեցող բախումներուն նկատմամբ։
Հաշետ ցեղախումբի ցեղապետ շէյխ Սատեք Ահմար յայտնեց, որ Սալեհի հետ միջնորդութեան որեւէ առիթ գոյութիւն չունի, եւ շրջանային ու միջազգային ուժերուն կոչ ուղղեց ստիպելու, որ Սալեհ հեռանայ Եմէնէն։