ԹԵՀՐԱՆ.- Շաբաթ, Մայիս 7ին, Հայ մշակութային «Սիփան» միութեան նորակառոյց սրահին մէջ, նշուեցաւ վաստակաւոր դերասան-բեմադրիչ Սուրէն Մնացականեանի գործունէութեան 60ամեակը: Նայիրի Շիրվանեանի կողմէ կարդացուած բացման խօսքէն ետք, ցուցադրուեցաւ Սուրէն Մնացականեանի կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնող տեսաերիզը, որմէ ետք յոբելեարի դուստր Շաքէ Մնացականեանի բեմադրութեամբ ներկայացուեցաւ «Ուշ լինի, նուշ լինի»էն հատուած մը:
Ձեռնարկի յաջորդ բաժիններով, յոբելեար Սուրէն Մնացականեանի յուշանուէրներ յանձնուեցան Հայ մշակութային «Սիփան» միութեան, ՀՄ «Արարատ» կազմակերպութեան եւ արուեստագէտ Սէթ Բէգիջանեանի կողմէ:
Կարդացուեցան նաեւ սոյն յոբելեանին առթիւ Իրանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Գրիգոր Առաքելեանի եւ ՀՄ «Արարատ» կազմակերպութեան ուղերձները, նաեւ ներկայացուեցաւ այդ առիթով հրատարակուած գիրքը: Յոբելինական հանդիսութեան վերջին բաժինով շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ յոբելեարը, նաեւ օրուան առիթով խօսք առին Իսլամական խորհրդարանին մէջ հիւսիսային իրանահայութեան երեսփոխան Գէորգ Վարդանեանն ու «Սիփան» միութեան վարչութեան նախագահ Հայկազ Շիրվանեանը: