
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի տարածքին մեր ժողովուրդի պատմութեան ականատես հանդիսացող հարիւրաւոր հնավայրեր այսօր կը գտնուին բարձիթողի վիճակի մէջ:
«Ճանաչիր քո երկիրը» երիտասարդական նախաձեռնութիւնը կ՛իրականացնէ «Մաքրե՛նք հնավայրերը ժամանակակից աղբից» աշխատանքը, որուն ծիրէն ներս, նախաձեռնութեան անդամները կը մեկնին Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ գտնուող հնավայրեր եւ կը մաքրեն անոնց շրջակայ տարածքը: Աշխատանքը կ՛իրականացուի մասնակիցներուն անձնական միջոցներով:
Մայիս 22ին, երիտասարդները մեկնած էին Վայոց Ձորի Շատինավանք համալիր (10րդ դար): Երբեմնի հռչակաւոր սոյն սրբատեղին, համապատասխան մարմիններու անտարբերութեան պատճառով, այսօր յայտնուած է աղէտի շէմին: Շատին գիւղի բնակիչներուն համաձայն, անոր վիճակը տարուէ տարի կը վատթարանայ:
«Ճանաչիր քո երկիրը» երիտասարդական նախաձեռնութեան անդամները փորձած են մաքրել Շատինավանքի շրջակայքը կուտակուած աղբը, սակայն յուշարձանի պահպանման խնդիրը պետական համապատասխան մարմիններու եւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մասնագէտներու հոգածութեան կարիքը ունի:
«Մաքրե՛նք հնավայրերը ժամանակակից աղբից» յաջորդ աշխատանքը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 29ին: