ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի եւ Թուրքիոյ տեղական իշխանութիւններու համատեղ ջանքերով նորոգուած են Սվազ նահանգի՝ նախկին Սեբաստիոյ մէջ գտնուող միջնադարեան հայկական գերեզմանոցը:
Թրքական «Հիւրրիյէ»չ թերթի փոխանցումով, հարիւրաւոր հեքթարներու հասնող գերեզմանատունը հիմնադրուած է 1061ին եւ մինչեւ օրս մեծ նշանակութիւն ունի հայերուն համար:
«Ամրան ամիսներուն, աշխարհի տարբեր անկիւններէ բազմաթիւ հայեր այստեղ կու գային, սակայն գերեզմանոցը այնքան վատ վիճակի մէջ էր, որ այցելուներէն շատերը դառնութեամբ կը հեռանային այնտեղէն», թերթին պատմած է նահանգի հայկական համայնքի ղեկավար Մինաս Տուրմազգիւլեր, որ նախաձեռնած է պատմական այս վայրը նորոգելու ծրագիրին:
Շինարարական ծախսերու 70 տոկոսը վճարած են թրքական տեղական իշխանութիւնները, իսկ 30 տոկոսը՝ պատրիարքարանն ու հայ համայնքի ներկայացուցիչները: «Գերեզմանատունը շատ վատ վիճակի մէջ էր, բազմաթիւ անգամ յարձակումներու ենթարկուած էր գողերու եւ թանկարժէք իրեր որոնողներու կողմէ», ըսած է Սվազի նահանգապետ Տողան Ուրկիւփը՝ աւելցնելով. «Վերանորոգման բոլոր աշխատանքները կատարուած են քրիստոնէական աւանդոյթներու համաձայն՝ Պոլսոյ պատրիարքարանի օգնութեամբ: Մասնաւորապէս, վերականգնուած են տապանագիրները, տնկուած են նոր ծառեր ու ճանապարհներ կառուցուած են»:
Անդրադառնալով ծրագիրին՝ թրքական թերթը կը փաստէ, որ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ նորոգութենէն ետք, թրքական իշխանութիւնները վերականգնողական աշխատանքներ սկսած են տանելու նաեւ բազմաթիւ այլ հայկական եկեղեցիներու եւ վանքերու մէջ: Սակայն Սվազի նահանգապետը պնդած է, թէ իրենց նախաձեռնած ծրագիրը որեւէ կապ չունի այդ զարգացումներուն հետ:
«Մեր նպատակն էր վերականգնել նահանգի պատմական դէմքը», ըսած է Տողան Ուրկիւփ՝ հաւաստիացնելով, որ հայկական գերեզմանատունը ինք կը նորոգէր տասը տարի առաջ, եթէ այն ժամանակ ընտրուէր նահանգի ղեկավարի պաշտօնին: