ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի տարածքային կառավարման նախարարութեան «միգրացիոն» (գաղթականական-Ա.Պ.) ծառայութեան պետ Գագիկ Եգանեան, հայերէն լեզուահարստացման գործին բերած է իր նպաստը՝ «ոչ սպառնալի չափերով արտագաղթ» հասկացողութեան հոմանիշի մը գիւտով:
Ըստ Եգանեանի, երկիրէ մը ոչ սպառնալի չափերով հեռացումը բացատրող լաւագոյն բառը «ուղեւորահոսք» է, որ Հայաստանի պարագային, ունի նաեւ իր թուական սահմանումը՝ քսանհինգ հազարէն ոչ աւելի:
Եգանեան կը փորձէ հանգստացնել խուճապի մատնուածներս, թէ Հայաստանէն հեռացողներու ներկայ հոսքը պէտք չէ մտահոգէ մեզ, այնքան ատեն, որ գացողներուն թիւը չի թեւածեր եօթանասուն հազարի սահմաններուն վրայ:
Այսուհանդերձ, մեր հոգեխառնութիւնը քիչ մը ուրիշ ըլլալով՝ նոյնիսկ քսանհինգ հազարէն քիչ թիւով մարդոց հեռացումը Հայաստանէն կը նկատենք արտագաղթի մտահոգիչ համեմատութիւն, ու կը փախցնենք մեր քունը՝ հայրենիքին ժողովրդագրական աղիտալի հեռանկարի մը մղձաւանջը ապրելով:
Հայաստանի մէջ ծնունդներու եւ մահացութիւններու հաշուեկշիռը, վերջին տարիներուն, արդէն կը մատնէ այնպիսի մտահոգիչ վիճակ մը, որ եթէ պետական յատուկ ուշադրութեամբ ու ծնելիութիւնը խրախուսող ծրագիրներով քայլեր չառնուին, ապա աղիտալի վիճակը միայն աւելի ու աւելի պիտի ծանրանայ: Իսկ արտագաղթը կ՛արագացնէ աղէտը, նոյնիսկ եթէ պահպանենք տարեկան քսանհինգհազարի «ուղեւորահոսքի» մակարդակը:
Այս թուաբանական հաշիւներուն մէջ խճճուիլը անիմաստ է: Մեզ մտահոգողը, նոյնիսկ խուճապի մատնողը, այն փաստն է, որ պետական կառոյցին մէջ կ՛աշխատին մարդիկ, որոնք այսօրուան Հայաստանէն քսանհինգ հազար քաղաքացիներու արտագաղթը սպառնալի չեն գտներ մեր երկրին համար: Նման պաշտօնեաներ մեր բառարանին մէջ կը կոչուին ապազգայիններ, որոնց «ուղեւորահոսք»ը պետական կառոյցներէն պէտք է շտա՛պ իրականանայ: