
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Որեւէ հաւանականութիւն չկայ, որ Իսրայէլի խորհրդարանը ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Այդ մէկը անկարելի է», ըսած է Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Տանի Այալոն՝ մեկնաբանելով խորհրդարանին մէջ Մայիս 18ին տեղի ունեցած քուէարկութիւնը:
Նշենք, որ խորհրդարանականները Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը փոխանցած են կրթութեան, մշակոյթի եւ մարզական հարցերու յանձնաժողովին:
«Մենք չենք կրնար արտօնել, որ հարիւրամեայ իրադարձութիւններու վերաբերող պատմութեան վիճելի հարցերով վնաս հասցուի իսլամական աշխարհի մեր գլխաւոր ռազմավարական գործընկերոջ՝ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութեանց», ըսած է Այալոն՝ ըստ «IzRus» լրատու գործակալութեան:
Նշենք, որ խորհրդարանի սոյն յանձնաժողովը կը գլխաւորէ Այալոնի դաշնակից՝ «Մեր տունը Իսրայէլն է» խմբակցութիւնը, որ աւանդաբար Ատրպէյճանի հետ գործընկերութեան համոզուած կողմնակից մըն է: