
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ուրբաթ, Մայիս 20ին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Կարսի մէջ իր ընտրական քարոզարշաւի ծիրին մէջ կազմակերպուած հաւաքին ընթացքին, այլ հարցերու շարքին անդրադարձած է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։
Ընդգծելէ ետք, թէ թրքական կողմը կը սպասէ Հայաստանի քայլին՝ Էրտողան ըսած է. «Ինչ կը վերաբերի եղբայրութեան, ապա մենք Ատրպէյճանի, Նախիջեւանի հետ յաւերժ եղբայրներ ենք։ Ինչ կը վերաբերի խաղաղութեան՝ ապա մենք մեր հաշտեցման ձեռքը բարի նպատակներով երկարեցինք Հայաստանին։ Հիմա անոր կարգն է»։
Էրտողան Կարսի մէջ մասնակցած է նաեւ Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի անուան արդիւնաբերական վարժարանի հիմնարկէքի արարողութեան, որուն ընթացքին խօսած է թուրք-ատրպեճանական յարաբերութիւններուն եւ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղագիծին մասին։
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Էրտողանի հանրահաւաքին ընթացքին խումբ մը մարդիկ հակաիշխանական կոչեր աղաղակած են։ Ոստիկանները անմիջապէս միջամտելով ձերբակալած են 10 անձեր։